
Սերպիոյ Նովի Սաթ քաղաքին մէջ սկսած Եւրոպայի ճատրակի ակումբներու ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչներ Լեւոն Արոնեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան:
Լեւոն Արոնեան մաս կը կազմէ իտալական Փատովա ակումբին, իսկ Լիլիթ Մկրտչեան` ռուսական Եուկրա խումբին:
Ա. հանգրուանին Փատովա 5-0 արդիւնքով յաղթեց Փասանթի: Արոնեան չմասնակցեցաւ այս մրցումին:
Իսկ Եուկրա 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ֆիշերի: Մկրտչեան պարտութիւն կրեց:
Տղոց մրցաշարքին կը մասնակցին 62, իսկ աղջկանց պարագային` 14 խումբեր:
Տեղի պիտի ունենան 7 հանգրուանի մրցումներ:


