Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ արձանագրեց կարեւոր յաղթանակ մը` 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Իսլանտան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Հայաստան ապահովելով 4 կէտ եւ գրաւելով 12-րդ խմբակին երրորդ դիրքը, ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:
Հայաստանի կոլերը նշանակեցին Մարտին Գրիգորեան (19-րդ), Գերման Կուրբաշեան (36-րդ` փենալթիով եւ 63-րդ):
Նշենք, որ հաւաքականին մարզիչն է Արթուր Ոսկանեան: