Պայէրն Միւնիխի յետսապահ Ժըրոմ Պոաթենկ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով պիտի բացակայի Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին կատարելիք յաջորդ 2 մրցումներէն:
11 նոյեմբերին Գերմանիոյ մրցակիցն է Սան Մարինօ, իսկ 15 նոյեմբերին` Իտալիա:
Կ՛ակնկալուի, որ գերմանացին ֆութպոլի դաշտերը վերադառնայ 19 նոյեմբերին եւ իր մասնակցութիւնը բերէ Պորուսիա Տորթմունտի դէմ կատարուելիք «Պունտըսլիկա»-ի գագաթի ճակատումին: