11 նոյեմբերին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 21:00-ին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին Հայաստան – Մոնթենեկրօ մրցումը:
Նախապատրաստուելու համար այս մրցումին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսաւ իր փորձերուն:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին Հայաստան հասան հաւաքականին մաս կազմող մարզիկներ Գեղամ Կադիմեան եւ Ռուսլան Քորեան: Այսօր հայրենիք կը հասնին նաեւ Դաւիթ Մանոյեան, Տարօն Ոսկանեան եւ Հենրիխ Մխիթարեան, մինչ Գէորգ Ղազարեան պիտի գայ վաղը:
Նախապէս հրաւիրուած ֆութպոլիստներէն Պետրոս Աւետիսեան հաւաքականին չմիացաւ վնասուածքի պատճառով: