Մարզական

Ժերար Մտադիր Է Վերադառնալ «Փրեմիեր Լիկ»

Լիվըրփուլի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Սթիւըն Ժերար մտադիր չէ աւարտել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Ան յառաջիկայ դեկտեմբեր-յունուար ժամանակամիջոցին, երբ մարզիկներու ձմեռնային փոխանցումներուն սակարանը բացուի, որոշած է վերադառնալ «Փրեմիեր լիկ»: Նշենք, որ Լոս Անճելըս Կալաքսիի հետ («Մէյճըր լիկ») 36 տարեկան Ժերարի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի դեկտեմբերին: «Ի. Էս. Փի. Էն.» կը տեղեկացնէ, որ ան մտադրած է վերադառնալ անգլիական ֆութպոլ: Ան...

Լիբանանի Մարմնամարզութեան Ախոյեանութիւն.  Նարօտ Կիւրիւնլեան Տիրացաւ 3 Ոսկի Եւ 2 Արծաթ Մետալի

Լիբանանի Մարմնամարզութեան Ախոյեանութիւն. Նարօտ Կիւրիւնլեան Տիրացաւ 3 Ոսկի Եւ 2 Արծաթ Մետալի

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Ժամհուր ակումբին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի 2016-ի մարմնամարզութեան 5-րդ եւ 6-րդ դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ բազմաթիւ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները. Մոն լա Սալ, Ռիատի Պէյրութ, Պուտտա, Հուփս, Ժամհուր, Նըժում-Թրիփոլի, Մուժամահ Հարիրի, Լիսէ Նասիոնալ եւ Ռաֆիք Հարիրի երկրորդական վարժարան: Մոն լա Սալ ակումբին մաս կազմող Նարօտ Կիւրիւնլեան (2007-2008-ի ծնունդ) բացառիկ արդիւնք արձանագրելով արժանացաւ...

Պասքեթպոլ. Հանրի Շալհուպի Անուան Մրցաշարք. Շանվիլ – Պիպլոս Աւարտական

ՀՄԸՄ - Շանվիլ մրցումէնPROFOTO Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի 2-րդ մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան կիսաւարտականի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ Պիպլոս եւ Շանվիլ ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը: Նշենք, որ տիտղոսին տիրացողը կը ստանայ 50 հազար ամերիկեան տոլար, մինչ աւարտականին պարտուողը` 25 հազար ամերիկեան տոլար: Թէ՛ ՀՄԸՄ եւ թէ՛ Շանվիլ յաջողեցան բաւական լաւ ներկայացում մը կատարել` մեծ թիւով համակիրներու ներկայութեան:...

Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին Վերջնական Կազմը

10-15 նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան Է. խմբակին զտումի մրցաշարքը, որուն ընթացքին Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Իտալիա, Զուիցերիա եւ Հունգարիա: Նշենք, որ 5 նոյեմբերին հաւաքականը սկսաւ մարզական հաւաքի մը` Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Գլխաւոր մարզիչ Արամ Ոսկանեան հաւաքի հրաւիրուած 24 ֆութպոլիստներէն ընտրեց մրցաշարքին մասնակցող 18 մարզիկները: Ստորեւ` հաւաքականին վերջնական կազմը. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Նիքոլա Մելիքեան...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տուաւ շարք մը որոշումներ: Իժթիմահի կրեց բաւական ծանր պատիժներ: Անոր պատասխանատուներէն Մահմուտ Տըրղամ եւ Ապտել Ռահման Պալլա երկուքական տարիով կախակայուեցան: Ատկէ բացի, անոնք մէկական միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցան: Նասեր Պար Էլիասի մարզիկներէն Հասան Թրապուլսի երեք մրցումով կախակայուեցաւ: Մէկական մրցումով կախակայուողներուն կարգին եղաւ նաեւ Ժաք Նաճարեան (ՀՄԸՄ): Վերջապէս, ֆետերասիոնը հրապարակեց Գ. դասակարգի...

Հեծելարշաւ. Գէորգ Ալթունեան` 5-րդ Դիրքին Վրայ

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը յայտարարեց, թէ կ՛ակնկալուի, որ այս տարեշրջանի վերջին մրցումը տեղի ունենայ 20 նոյեմբերին, Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ), Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով: Ներկայ դասաւորման մէջ (մեծեր) 5-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Գէորգ Ալթունեան (ՀՄԸՄ Անթիլիաս), որ ապահոված է 23 կէտ: Նոյնքան կէտ ապահոված է Ժորժ Աուն (ՀՄԸՄ Պէյրութ): Ինչ կը վերաբերի երիտասարդներու դասաւորման, 4-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Յովսէփ...

«Էն. Պի. Էյ.». Նիւ Օրլինզի 8-րդ Պարտութիւնը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան վեց ճակատումներ: Շարունակելով իր ձախող ելոյթներու շարքը` Նիւ Օրլինզ Քինկզէն կրեց իր 8-րդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ Սաքրամենթոյի մէջ` 102-94 արդիւնքով: Նիւ Օրլինզի մաս կազմող Էնթընի Տէյվիս նշանակեց 34 կէտ: Երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տեմիըն Լիլար (38), երբ անոր կազմը` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ, 124-121 արդիւնքով յաղթեց Ֆէոնիքս Սանզի: Ստորեւ`...

2018-ի Մոնտիալ. Ալեքսիս Սանչեզ Բացակայ` Չիլիի Կազմէն

Արսենալի միջնապահ Ալեքսիս Սանչեզ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Չիլիի հետ Քոլոմպիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, յայտնեց Չիլիի ֆութպոլի ֆետերասիոնը: Սակայն կը նշուի, որ ան 16 նոյեմբերին հաւանաբար մասնակցի Սանթիակոյի մէջ Ուրուկուէյի դէմ կատարուելիք մրցումին:

Շթեֆանօ Փիոլի Նշանակուեցաւ Ինթեր Միլանի Մարզիչ

Լացիօ Ռոմայի նախկին մարզիչ Շթեֆանօ Փիոլի նշանակուեցաւ Ինթեր Միլանի մարզիչ, յայտնեց վերջինիս պաշտօնական կայքը: 51 տարեկան Փիոլի փոխարինեց Ֆրանք տը Պէօրը, որ պաշտօնանկ եղաւ Ինթերի պատասխանատուներուն կողմէ` խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Այժմ, «Քալչիօ»-ի 12-րդ հանգրուանէն ետք, Ինթեր 17 կէտով կը գրաւէ 9-րդ դիրքը:

Ռոնալտօ – «Նայքի» Պայմանագրութիւն

Սպանական «ԱՍ» օրաթերթը հաղորդեց, որ մօտիկ ապագային «Նայքի» ընկերութիւնը պիտի հրապարակէ պաշտօնական յայտարարութիւն մը` Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի հետ իր կնքած համաձայնագիրին մասին: Ըստ շրջան ընող տեղեկութիւններուն, այդ պայմանագրութիւնը պիտի արժէ Ռէալ Մատրիտի հետ անոր ստացած աշխատավարձին չափ, այսինքն` 24 միլիոն եւրօ: Կը նշուի, որ վերջին անգամ «Նայքի» այսպիսի հսկայական պայմանագրութիւն մը կնքած էր 1984-ին` Մայքըլ Ճորտընի հետ:

Սանթա Քրուզ Պիտի Լքէ Միջազգային Ասպարէզը

Փարակուէյցի յառաջապահ Ռոքէ Սանթա Քրուզ, որ իր մասնակցութիւնը բերած է 3 մոնտիալներու, յայտարարեց, որ Փերուի եւ Պոլիվիոյ դէմ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցումներէն ետք պիտի լքէ միջազգային ասպարէզը: 35 տարեկան Սանթա Քրուզ իր նախավերջին մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ ուրբաթ օր, իսկ անկէ չորս օր ետք իր կազմին հետ Լա Փազի մէջ իր վերջին մրցումը պիտի ունենայ Փերուի դէմ: Սանթա...

Իտալիա Շարք Մը Բացականերով Պիտի Կատարէ Իր Երկու Մրցումները

Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Ճիամփիեռօ Մարքիզիօ պիտի ունենայ շարք մը բացակայ մարզիկներ, երբ մրցի Լիխթնշթայնի (2018-ի մոնտիալի զտում) եւ Գերմանիոյ (բարեկամական) դէմ: Անոր կազմէն պիտի բացակային յետսապահ Անտրէա Պարզակլի, միջնապահ Քլաուտիօ Մարքիզիօ եւ յառաջապահ Մանոլօ Կապպիատինի: Պարզակլիի ակումբը` Եուվենթուս ըսաւ, որ ան շուրջ 2 ամիս հեռու պիտի մնայ դաշտերէն: Այժմ Իտալիա Է. խմբակին մէջ իր տրամադրութեան տակ ունի 7...

Օսասունա Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Լա լիկա»-ի դասաւորման նախավերջին դիրքը գրաւող Օսասունա պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Էնրիքէ Մարթինը, անոր արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Անոր կազմը առաւելագոյն 33 կէտէն կրցած է ապահովել միայն 7 կէտ:

Պասքեթպոլ. Հանրի Շալհուպի Անուան Մրցաշարք.  Այսօր` ՀՄԸՄ – Շանվիլ Կիսաւարտականի Մրցումը

Պասքեթպոլ. Հանրի Շալհուպի Անուան Մրցաշարք. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շանվիլ Կիսաւարտականի Մրցումը

Շիահի մարզադաշտին վրայ, այսօր տեղի կ՛ունենան Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի 2-րդ մրցաշարքին կիսաւարտականի մրցումները: Առաջին մրցումին, որ պիտի սկսի ժամը 16:00-ին, իրարու դէմ պիտի մրցին Թատամոն եւ Պիպլոս: Ինչ կը վերաբերի երկրորդ մրցումին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին իրարու դէմ պիտի մրցին ՀՄԸՄ եւ Շանվիլ: Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումները երէկ հասան իրենց աւարտին, երբ տեղի ունեցան Պիպլոս - Հուփս (76-55) եւ...

2018-իՄոնտիալ. Հայաստան – Մոնթենեկրօ Մրցումին Իրաւարարը` Չեխիայէն

11 նոյեմբերին Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան - Մոնթենեկրօ մրցումը, որ կ՛իյնայ 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Ըստ հայկական լրատուամիջոցներուն, մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ չեխ Փաւել Քրալովեց:

2018-Ի Մոնտիալ.  Շաբաթավերջին Տեղի Կ՛ունենան 18 Մրցումներ

2018-ի Մոնտիալ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ, այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենան 2018-ի մոնտիալի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին վերաբերող բազմաթիւ մրցումներ, որոնցմէ շատերը պիտի ըլլան հետաքրքրական: Նշենք, որ մրցում ունի կատարելիք նաեւ Հայաստան` Մոնթենեկրոյի դէմ: Բաւական կարեւոր մրցում մը կը խոստանայ ըլլալ նաեւ Ֆրանսա - Շուէտ ճակատումը: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ՈՒՐԲԱԹ, 11 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԺԱՄ Ֆրանսա - Շուէտ (Ա. խմբակ) 21:45 Չեխիա -...

Լիբանանի Վոլիպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Ժան Համմամ Նախագահ` Երրորդ Անգամ Ըլլալով

PROFOTO Նախանցեալ օր «Մետիսըն» պանդոկին մէջ (Ժունիէ) տեղի ունեցան Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Նկատի ունենալով, որ կազմուած էր համախոհական մէկ ցանկ, այդ ցանկը ամբողջութեամբ ընտրուեցաւ մրցակից կազմի չգոյութեան պատճառով: Այսպիսով, երրորդ նստաշրջանի մը համար Ժան Համմամ կ՛ընտրուի նախագահ: Ստորեւ 15 անձերէ բաղկացած ֆետերասիոնին կազմը, որ պիտի պաշտօնավարէ յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին. Ժան Համմամ (նախագահ), Ալի Խալիֆէ, Ասաատ Նախըլ, Ղասսան Քըզէյհա,...

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ.  Մինի Ֆութպոլի Ա. Հանգրուանի  Մրցումներուն Արդիւնքները

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Քրոս Քաունթրիի Մրցում` Այնճարի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած 2016-2017 տարեշրջանի առաջին մարզական մրցաշարքը` քրոս քաունթրին, տեղի ունեցաւ կիրակի, 6 նոյեմբեր 2016-ին, Այնճարի թաղամասերուն մէջ: Սոյն մրցաշարքը, որ արդէն նախորդ տարեշրջանէն սկսած էր, նուիրուած է Վարդգէս Էսքիպաշեանի յիշատակին: Մանրամասնութիւնները` յաջորդիւ:

Մեքսիքայի Մէջ. Ֆութպոլիստը Սպաննեց Իրեն Կարմիր Քարտ Տուած Իրաւարարին

Մեքսիքայի Թուլանխիքօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ոչ արհեստավարժ լիկայի մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ֆութպոլիստ Ռուպեն Վասքեզ սպաննեց իրաւարար Վիքթոր Թրեխոն, որ իրեն կարմիր քարտ տուած էր: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Goal.com կայքը, ֆութպոլիստը իր կարմիր քարտը ստանալէն անմիջապէս ետք վազած եւ հարուածած է իրաւարարին դէմքին, որ գետին իյնալով անշնչացած է: Բժիշկները չեն կրցած անոր կեանքը փրկել: Իսկ Վասքեզ փախուստ տուած...

«Էն. Պի. Էյ.». Սթեֆըն Քերի Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Սթեֆըն Քերի «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, թէեւ երէկ տեղի ունեցան եօթը ճակատումներ, սակայն Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ - Նիւ Օրլինզ մրցումը եղաւ ամէնէն ուշագրաւը եւ որոշ չափով ալ` պատմական, նկատի ունենալով, որ այս մրցումին յաղթական կազմին Ուորիըրզի մարզիկներէն Սթեֆըն Քերի «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատեց` նշանակելով 13 թրի փոյնթեր: Ան նախապէս նախկին մրցանիշը (12...

Page 1045 of 1276 1 … 1,044 1,045 1,046 … 1,276

Արխիւներ