Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 5 նոյեմբերին Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Ռաուտա, Մար Ռուքոզ), ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, բաւական տպաւորիչ մրցում մը կատարելով, 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ռաուտա Տըքուանէի:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Աւօ Տոնպուրեան, Սերժ Մելիքեան եւ Վաչէ Ղուկասեան: