Սպանական «ՄԱՐՔԱ օրաթերթին կողմէ ամէն տարի տեղի ունեցող մրցանակաբաշխութեան, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի նախորդ տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ ստացաւ Ալֆրետօ Տի Սթեֆանոյի անուան մրցանակը:
Իսկ լաւագոյն մարզիչի մրցանակը ստացաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի արժանթինցի մարզիկը` Տիեկօ Սիմէոնէ:
Ռոնալտօ չորրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին, մինչ Սիմէոնէ` երկրորդ անգամ ըլլալով:
Իսկ լաւագոյն կոլսքորըրի տիտղոսին տիրացաւ Պարսելոնայի ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ: