
PROFOTO
Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցող «Հանրի Շալհուպի» անուան պասքեթպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, շաբաթ, 5 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ, որ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, 97-92 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թատամոնէն (22-13, 52-39, 70-59 եւ 92-97):
ՀՄԸՄ, բաւական լաւ ձեւով սկսաւ այս մրցումը, որուն ընթացքին ան կէտերու տարբերութիւնը յաջողեցաւ բարձրացնել նոյնիսկ մինչեւ 21-ի (52-31):
Սակայն, Թատամոն, հետզհետէ նուազեցնելով կէտերու տարբերութիւնը, արձանագրեց մրցաշարքի իր երկրորդ յաղթանակը, որուն շնորհիւ ապահովեց կիսաւարտականին իր տոմսը:
ՀՄԸՄ, որ կրեց մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը, վերջին քորթըրին արտօնեց, որ իր մրցակիցը զինք գերազանցէ: Չորրորդ քորթըրի առաջին 5 վայրկեանին ՀՄԸՄ նշանակեց 4 կէտ, մինչ մրցակիցը` 14: Այդ կէտերու տարբերութիւնը սկսաւ աւելնալ, երբ մրցումի վերջին 5 վայրկեանին Թատամոն նշանակեց 24 կէտ, իսկ ՀՄԸՄ` 18:
Երկու խումբերն ալ այս մրցումին կատարեցին բաւական թըրն-օվըր. ՀՄԸՄ 45, իսկ Թատամոն` 42: Թատամոնի սթիլները սակայն եղան աւելի լաւ (22), քան ՀՄԸՄ-ինը (7):
ՀՄԸՄ իր 25 թրի-փոյնթ-երէն 12-ը հասցուց նպատակին, մինչ Թատամոն, 37-էն 5-ը միայն:
Մրցումին եւ Թատամոնի ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Մորիս Քեմփ (29), ապա` Էրվին Մորիս (20), Եոնաթըն Հոլթըն եւ Ալի Ֆախրետտին (14-ական):
ՀՄԸՄ-էն Աթեր Մաժոք նշանակեց 22 կէտ եւ 11 ռիպաունտ, Մայք Թէյլըր` 19 կէտ, Հայկ Կէօքճեան` 18 կէտ ու 9 ռիպաունտ եւ Տուայն Ճեքսըն` 15 կէտ ու 10 ռիպաունտ:
Նոյն, Ա. խմբակին մէջ, Մութթահետ 11 կէտի տարբերութեամբ (70-59) յաղթեց Մէյրուպայի, որ այսպիսով իր երկրորդ պարտութիւնը կրելով դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Մրցաշարքէն դուրս չմնալու համար, այսօր ՀՄԸՄ իր կարելին պիտի ընէ, որպէսզի յաղթէ Մութթահետի:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 18:30-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը` յաղթանակ արձանագրելու եւ մրցաշարքը կարենալ շարունակելու համար:
Երէկ, կիրակի տեղի ունեցած մրցումներու ծիրին մէջ Պիպլոս արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 73-60 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լուէյզին:
Վերջինը այսպիսով դուրս մնաց մրցաշարքէն, մինչ Պիպլոս ապահովեց կիսաւարտականին իր տոմսը:
Երէկուան մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Հուփսը եւ Շանվիլը, աւարտեցաւ երկրորդին յաղթանակով` 66-68 արդիւնքով. այսպիսով Շանվիլ ապահովեց կիսաւարտականին իր տոմսը: