Մարզական

Պասքեթպոլ. Ուրարտու Դարձեալ Պարտուեցաւ

Երեւանի Ուրարտու տղոց պասքեթպոլի ակումբը երէկ կրեց իր 6-րդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ ռուսական Իրքուցք ակումբէն` 79-63 արդիւնքով: Այս մրցումը մաս կը կազմէ Ռուսիոյ Սուփըր-լիկա-1-ի տղոց ախոյեանութեան: Նշենք, որ հայկական նորաստեղծ ակումբը իր այս մրցումը կատարեց մայրաքաղաքի Միքա մարզահամալիրին մէջ:

Կռփամարտ. Հայրենի Մարզիկները Կը Պատրաստուին Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութեան

14-27 նոյեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ (Ռուսիա) տեղի պիտի ունենայ աշխարհի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութիւնը: Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, գլխաւոր մարզիչ Վազգէն Բադալեանի գլխաւորութեամբ, Աբովեանի մէջ կը պատրաստուի այս ախոյեանութեան: Հաւաքականին այս հաւաքին ներկայիս մաս կը կազմեն 14 կռփամարտիկներ, որոնց կարգին Անուշ Գրիգորեան, որ կը պատրաստուի 14-24 նոյեմբերին Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունենալիք մեծ աղջկանց Եւրոպայի...

Պասքեթպոլ. Հանրի Շալհուպի Անուան Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Սկսաւ` 94-67 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնելով Մէյրուպան

PROFOTO Երէկ` ուրբաթ, 4 նոյեմբերին, Շիահի մարզադաշտին վրայ սկսաւ Հանրի Շալհուպի անուան 2-րդ տեղական մրցաշարքը` մասնակցութեամբ Ա. դասակարգի 8 ակումբներու: Մրցաշարքէն կը բացակային Ռիատի եւ Սաժես: Բացման մրցումին Թատամոն 77-64 արդիւնքով յաղթեց Մութթահետին: Ապա այս մրցումին յաջորդեց Շանվիլ - Պիպլոս ճակճատումը: Անիկա աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 78-73 արդիւնքով: Նշենք, որ Պիպլոս տիտղոսակիրն է: Երրորդ մրցումին ՀՄԸՄ, որ ճակատեցաւ նոր Ա. դասակարգ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ահլի Նապաթիէ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին, վաղը` կիրակի, 6 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Ահլի Նապաթիէի դէմ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: Նշենք, որ այս հանգրուանի բացման մրցումին Շապապ Արապի 4-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Նասեր Պար Էլիասի դէմ: Ինչ կը վերաբերի այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն, յայտագիրը պիտի ընթանայ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Սեւիլլա – Պարսելոնա

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Սեւիլլա – Պարսելոնա

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնա բաւական կարեւոր ճակատում մը ունի կատարելիք, երբ մրցի Սեւիլլայի դէմ: Բնականաբար այլ մրցումներ ալ պիտի ըլլան հետաքրքրական: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 11-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՇԱԲԱԹ ԺԱՄ Պուրնըմաութ (10) - Սանտըրլենտ (20) 17:00 Պըրնլի (14) - Քրիսթալ Փալաս (13)...

Ֆութսալ.  Պէյրութի Դրամատունը Տիրացաւ Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռաուտա Տըքուանէ

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 5 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի Ռաուտա Տըքուանէի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ-Ռաուտա) պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:

Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Օլիվըր Ֆայսալի Գլխաւորած Ցանկը Ամբողջութեամբ Ընտրուեցաւ

PROFOTO Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին ժամանակաւոր կեդրոնատեղիին մէջ (Մայք-Սփոր, Զալքա) տեղի ունեցան նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Այս ընտրութեան ներկայ գտնուեցան քուէարկութեան իրաւունք ունեցող 22 ակումբներու 20 ներկայացուցիչները: Օլիվըր Ֆայսալի գլխաւորած ցանկը ամբողջութեամբ ընտրուած նկատուեցաւ` մրցակից ցանկի չգոյութեան պատճառով: Ապա տեղի ունեցաւ պաշտօններու բաժանում` հետեւեալ ձեւով. Օլիվըր Ֆայսալ (նախագահ), Փաթրիք Մըհպաթ, Արեֆ Մարտինի (փոխնախագահներ), Ալեն Սայեղ (ընդհանուր քարտուղար), Տեզիրէ Խալիֆէ (գանձապահ), Նիքոլա Սասին...

Լիբանանի Լողարշաւի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Թոնի Նասսար Ներկայացուց Իր Գլխաւորած Ցանկը

PROFOTO Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Հիլթըն-Հապթուր» պանդոկին մէջ (Սին Էլ Ֆիլ), Ռահհապ - Զահլէ ակումբի նախագահ Թոնի Նասսար ներկայացուց իր գլխաւորած ցանկը, որ պիտի մասնակցի Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն: Նշենք, որ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան այսօր` շաբաթ, 5 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, «Ռիմալ» զբօսաշրջային համալիրին մէջ (Զուք Մոսպեհ): Իր խօսքին մէջ Նասսար ըսաւ, որ համախոհական այս ցանկը...

Հայկական Ֆութպոլ. Արթուր Ոսկանեան Պիտի Գլխաւորէ Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականը

Բանանց Երեւանի եւ Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Ոսկանեան պիտի գլխաւորէ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, յայտարարեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան: Նշենք, որ Ոսկանեանը ընտրուեցաւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեան: Նախքան Ոսկանեանի նշանակումը, այդ պաշտօնը կը վարէր Կարէն Բարսեղեան, որ աշխատանքի սկսաւ Ալաշկերտի հետ:  

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ Յաղթեց. Տիւրընթ Նշանակեց 39 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան հինգ ճակատումներ: Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրընկալեց Օքլահոմա Սիթին, 122-96 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 39 կէտ` իր նախկին կազմին դէմ: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Օրլանտօ Մեճիք - Սաքրամենթօ Քինկզ 102-94 Միլուոքի Պաքս - Ինտիանա Փէյսըրզ 125-107 Մինեսոթա Վուլվզ - Տենվըր Նակեթց 99-102 Քլիվլենտ Քաւալիրզ -...

Հուրի Գեբեշեան «Ինսայտ Ճիմնասթիքս»-ի Կազմակերպած Քուէարկութեան Ցանկին Մէջ

Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն, մարմնամարզութեան մրցումներուն Հայաստանը ներկայացուցած Հուրի Գեբեշեանի անունը յայտնուեցաւ «Ինսայտ Ճիմնասթիքս-ին կողմէ կազմակերպուած քուէարկութեան թեկնածուներուն ցանկին մէջ: Մարմնամարզութեան մարզաձեւերը լուսաբանող պարբերաթերթը Գեբեշեանը նկատած է իբրեւ «սիրուած արտասահմանցի մարմնամարզուհի»: Գեբեշեանի անուանաթիւը 27-րդն է: Քուէարկութեան արդիւնքները պիտի ամփոփուին պարբերաթերթի դեկտեմբերի թիւին մէջ:

Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. ՀՄԸՄ-Ի Ներկայացուցիչ Աւետիս Թիւթիւնճեան Ընտրուեցաւ Փոխնախագահ

Չորեքշաբթի, 2 նոյեմբեր 2016-ին, «Հոլիտէյ Ին-Տիւն» պանդոկին մէջ (Պէյրութ) տեղի ունեցան Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները, ներկայութեամբ` 18 ակումբներու (ընդամէնը` 24 ակումբներէ) ներկայացուցիչներուն, որոնք իրաւունք ունին քուէարկելու: Այս ընտրութիւններուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Ալի Հազեր: Ֆետերասիոնի նախագահ Իզզաթ Քրայթեմ խօսք առնելով ըսաւ, որ նախկին ֆետերասիոնը յաջողեցաւ կարեւոր իրագործումներ կատարել` միշտ ալ նպատակ ունենալով ճատրակի մարզը յառաջ...

Պասքեթպոլ. Հանրի Շալհուպի Անուան Մրցաշարք.  Այսօր` ՀՄԸՄ – Մէյրուպա

Պասքեթպոլ. Հանրի Շալհուպի Անուան Մրցաշարք. Այսօր` ՀՄԸՄ – Մէյրուպա

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի 2016-2017 տարեշրջանի ախոյեանութեան նախօրեակին, 4-11 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի 2-րդ մրցաշարքը` Շիահի դաշտին վրայ: Մրցաշարքին կը մասնակցին Ա. դասակարգի տասը խումբերէն 8-ն: Ռիատի չուզեց մասնակցիլ, մինչ Սաժես տեղի ունեցած վիճակաձգութենէն ետք քաշուեցաւ անկէ: ՀՄԸՄ-ի կազմը, այսօր երեկոյեան ժամը 20:00-ին կը կատարէ իր առաջին մրցումը, նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Մէյրուպայի դէմ: Ստորեւ`...

Արթուր Պետրոսեան Հրապարակեց Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Կազմը

Երէկ, Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեանի ծանօթացման հանդիսութիւնը: Կարճ ատեն մը ետք Պետրոսեան հրապարակեց հաւաքականին կազմը. Ստորեւ` Հայաստանի հաւաքականի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեանի հրապարակած կազմը, որ պիտի նախապատրաստուի 11 նոյեմբերին Մոնթենեկրոյի դէմ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցումին. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Արսէն Բեգլարեան (Ալաշկերտ), Անաթոլի Այվազով (Շիրակ) եւ Գոռ...

Եուրօ-2017. Հրապարակուեցաւ Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին Կազմը Եւ Է. Խմբակին Մրցումներուն Յայտագիրը

10-15 նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենան Եւրոպայի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար Եուրօ-2017-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին Է. խմբակին մրցումները, որոնց ընթացքին Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Զուիցերիա, Իտալիա եւ Հունգարիա: Պատրաստուելու համար այս մրցաշարքին, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը 5-15 նոյեմբերին հաւաք մը պիտի կատարէ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Գլխաւոր մարզիչ Արամ Ոսկանեան այս հաւաքին հրաւիրեց 24 ֆութպոլիստներ, որոնցմէ 18-ն պիտի...

2016-ի Լաւագոյն Մարզիչի Ընտրութիւն. ՖԻՖԱն Հրապարակեց 10 Թեկնածուներուն Անունները

9 յունուար 2017-ին տեղի պիտի ունենայ 2016 տարուան լաւագոյն մարզիչի ընտրութիւնը: ՖԻՖԱ հրապարակեց այն 10 թեկնածուներուն անունները, որոնցմէ մէկը պիտի ընտրուի իբրեւ լաւագոյն մարզիչ: Ստորեւ` այդ 10 մարզիչներուն անունները. Ֆեռնանտօ Սանթոս (Փորթուգալ), Քրիս Քրուլման (Կալես), Տիտիէ Տեշան (Ֆրանսա), Եոսիփ Կուարտիոլա (Պայէրն Միւնիխ, Մանչեսթըր Սիթի), Եիւրկըն Քլոփ (Լիվըրփուլ), Լուիս Էնրիքէ (Պարսելոնա), Մաուրիցիօ Փոքեթինօ (Թոթենհամ), Քլաուտիօ Ռանիերի (Լայսթըր Սիթի), Տիեկօ Սիմէոնէ (Աթլեթիքօ...

«Էն. Պի. Էյ.». Օքլահոմա Սիթի Եւս Արձանագրեց Իր Չորրորդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան տասը ճակատումներ: ձախին՝ Ռասըլ Ուեսթպրուք Արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Քլիվլենտ Քաւալիրզի նման, տարեշրջանի իր չորրորդ յաղթանակը արձանագրեց նաեւ այս անգամ Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Օքլահոմա Սիթի, որ 85-83 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դաշտէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք, նշանակեց 35 կէտ: Նիւ Օրլինզ կրեց տարեշրջանի իր 5-րդ...

Մուրինիօ 1 Մրցումով Կախակայուեցաւ Եւ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը մէկ մրցումուվ կախակայեց եւ 58 հազար փաունտ (71 հազար ամերիկեան տոլար) տուգանքի ենթարկեց Մանչեսթըր Եունայթըտի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոն: Պառնլիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի 10-րդ հանգրուանի մրցումին, օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Մարք Քլաթենպուրկ, կարմիր քարտ մը տուաւ Մուրինիոյին, որ դժգոհ մնացած էր անկէ` իր կազմին ի նպաստ փենալթի մը չսուլած ըլլալուն համար: Զայրացած Մուրինիօ «ծանր» լեզու գործածած...

Պասքեթպոլ. Հայաստանի 4 Հաւաքականներ Կը Մասնակցին Եւրոպայի Ախոյեանութիւններուն

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ 2017-ի ամրան Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի տարիքային 4 ախոյեանութիւններու: Եւրոպայի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան պիտի մասնակցի Հայաստանի 20 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը: 18 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը կը մասնակցի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան: Աղջկանց 16 եւ 18 տարեկանէն վար հաւաքականները կը մասնակցին Գ. դասակարգի ախոյեանութեան: Նշենք, որ Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի...

Ինթեր Միլան Կ՛ուզէ Ձեռք Ձգել Վերաթթին

Իտալական մամուլին համաձայն, Ինթեր Միլան շատ մօտէն հետաքրքրուած է ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն խումբի միջնապահ Մարքօ Վերաթթիով: Շրջանառութեան մէջ դրուած են տեղեկութիւններ, թէ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին 23 տարեկան ֆութպոլիստին համար Ինթեր Միլան ֆրանսական ակումբին առաջարկած է 65 միլիոն եւրօ: Շատ հաւանաբար այս փոխանցումը տեղի ունենայ յունուար 2017-ին:

Page 1047 of 1276 1 … 1,046 1,047 1,048 … 1,276

Արխիւներ