Հաւասարակշռուած յարձակումներով եւ անընդհատ պայքարով հարուստ մրցումէ մը ետք, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը 97-73 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելէ ետք Ճափոնը, հասաւ Ասիոյ բաժակի քառորդ աւարտականին, ուր այսօր ժամը 19:00-ին կը մրցի Նոր Զելանտայի դէմ:
Թիւ 2 դասուած Ճափոն անակնկալի մատնուեցաւ, երբ Լիբանան վերջապէս իր իսկական մակարդակը ցոյց տուաւ` խմբակներու գծով 2 յաջորդական պարտութիւններ կրելէ ետք Աւստրալիայէն եւ Հարաւային Քորէայէն:
Տետրիք Լոսըն 24 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` ընտրուելով մրցումին լաւագոյն մարզիկը: Ան կատարեց նաեւ 3 էսիսթ, 2 սթիլ եւ պլոք մը` լաւ ձեւով տիրապետելով պաշտպանողական թէ յարձակողական գիծերու վրայ: Եուսեֆ Խայյաթ 14 կէտ եւ 8 ռիպաունտ աւելցուց, մինչ Սերժիօ Տարուիշ 12 կէտ եւ 5 սթիլ կատարեց` զոյգ մը 3 կէտնոց կողովներ ալ նշանակելով: Ան մրցաշարքի մրցանիշ մը հաստատեց 5 սթիլ կատարելով մէկ կիսախաղի ընթացքին: Փլէյ-մէյքըր Ալի Մանսուր 15 էսիսթ ձեռք ձգեց, որ այս մրցաշարքի առաւելագոյնն է մինչեւ օրս:
«Երբ խաղի ծրագիրը կը կատարենք, այսպէս կ՛ըլլայ արդիւնքը: Կը շնորհաւորեմ մեր տղաքը, որոնք իրենց իսկական մակարդակը ցոյց տուին: Իրենց անհատականութիւնը ցոյց տուին` փաստելու, թէ իրենք ո՛վ են», ըսաւ մարզիչ Միոտրակ Փերիշիչ:
Ճափոն շատ արագ սկսաւ մրցումը, սակայն Սերժիօ Տարուիշ 2 յաջորդական 3 կէտնոց օգնեց յաջորդական 10 կէտեր նշանակել 19-12 արդիւնքով հեռանալու: Ամէն անգամ որ Ճափոն մօտենար, Հայկ, Ամիր եւ Քարիմ անգամ մը եւս կէտեր նշանակելով կը հեռանային:
«Շատ լաւ մրցում էր: Շատ կեդրոնացած էինք: Երէկ ժողով ունէինք, քանի շատ լաւ վիճակի մէջ չէինք, բայց այս մրցումին ցոյց տուինք, թէ ի՛նչ կրնանք ընել: Նախ պաշտպանողականը զօրացուցինք: Երբ «մեր» պասքեթպոլը կը խաղանք, շատ դժուար է մեզի յաղթելը», ըսաւ Սերժիօ Տարուիշ:
Լիբանան 14 սթիլ կատարեց Ճափոնի 5-ին դիմաց, մինչ լաւ կեդրոնացումի արդիւնքով միայն 10 թըրն օվըրներ կատարեց Ճափոնի 15-ին դիմաց:
Այսօր ժամը 19:00-ին մրցակիցը Նոր Զելանտան է, որ Ասիոյ նախկին բաժակին մրցաշարքին պարտուած էր 72-86 արդիւնքով: Նոյնիսկ առանց Ուաէլ Արաքժիի կարելի է կրկնել այդ յաղթանակը խումբի մը դէմ, որ թիւ 3 դասուած է Ասիոյ մէջ, Ճափոնի ետին: