Այս շաբաթավերջին Եւրոպայի մէջ կը սկսի 2025-2026 եղանակը, այս ծիրին մէջ տեղի կ՛ունենան Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի առաջին հանգրուանի մրցումները, Ֆրանսայի մէջ ալ կը սկսին «Լիկ 1»-ի մրցումները, Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի մրցումներուն նման, մինչ Իտալիոյ մէջ տեղի կ՛ունենան բաժակի մրցաշարքի առաջին հանգրուանի մրցումները: Գերմանիոյ մէջ ալ բաժակի մրցումներ ալ տեղի կ՛ունենան, մինչ Պայերն Միւնիխ եւ Շթութկարթ իրար կը հանդիպին Գերմանիոյ գերբաժակի մրցումին:
Անցեալ տարուան «Փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեան Լիվըրփուլ, որ հաւասարեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի 20 տիտղոսներուն, այս տարեշրջանին ալ թեկնածուներուն կարգին է, մանաւանդ որ 250 միլիոն սթերլինկ փաունտ ալ ծախսեց ակումբը աւելի եւս զօրացնելու նպատակով` ձեռք ձգելով Գերմանիոյ լաւագոյն ֆութպոլիստ Ֆլորիան Վիրցը, Միլոշ Քերքեզը, Ճերեմի Ֆրիմփոնկը, ինչպէս նաեւ Ուկօ Էքիթիքէն:
Ֆրիմփոնկ եւ Էքիթիքէ անցեալ շաբաթ «Քոմիւնիթի Շիլտ»-ի (գերբաժակ) մրցումին կոլեր նշանակած էին, բայց բաժակակիր Քրիսթըլ Փելես փենալթիներով յաղթական դուրս եկած էր:
Պորնմաութ քանի մը փայլուն աստղեր կորսնցուց այս ամրան, որոնց կարգին Քերքեզ, որ Լիվըրփուլին միացաւ, Տին Հոյսըն (Ռէալ Մատրիտ) եւ Իլիա Զապարնի (Փարիզ Սեն Ժերմեն), եւ այսօր գիշեր նոր դէմքերով պիտի ներկայանայ «Էնֆիլտ»` Լիվըրփուլի դաշտը:
Բերդապահ Տորտէ Փեթրովիչ եւ յետսապահ Ատրիեն Թրիւֆեր միացան Պորնմաութին, բայց խումբը կը վստահի իր նախկին 7 տարեշրջաններու բացման մրցումի յաջողութիւններուն, ուր 3 յաղթանակ եւ 4 հաւասարութիւններ արձանագրած է: Աւելի ինքնավստահ զգալու պատճառ մըն ալ, անցեալ եղանակին 9-րդ դիրքի վրայ աւարտելը «Փրեմիեր լիկ»-ի իր լաւագոյն արդիւնքն էր:
Լիվըրփուլ իր վերջին 13 ճակատումներուն 12 յաղթանակ արձանագրած է Պորնմաութի վրայ: Վերջին 6 ճակատումներուն «Էնֆիլտ»-ի մէջ Լիվըրփուլ միշտ ալ յաղթած է:
Լիվըրփուլէն պիտի բացակային Ճօ Կոմես (վիրաւոր) եւ Ռայըն Կրաւենպերխ, որ անցեալ տարուան վերջին հանգրուանին կարմիր քարտ ստացած էր:
Պորնմաութէն պիտի բացակային Լուիս Քուք եւ յառաջապահ Էնես Ունալ որոնք վիրաւոր են:
Վաղը կը շարունակուին առաջին հանգրուանի մնացեալ մրցումները, ուր Մանչեսթըր Սիթի պիտի ըլլայ հիւրը Վուլվզի, իսկ կիրակի օր հանգրուանի «սպասուած մրցում»-ը` Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Արսենալի միջեւ:
Ստորեւ յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Լիվըրփուլ – Պորնմաութ (ժամը 22:00-ին)
ՎԱՂԸ
Ասթոն Վիլա – Նիւքեսըլ (ժամը 14:30-ին)
Պրայթըն – Ֆուլհամ (17:00-ին)
Սանտըրլենտ – Ուեսթ Համ (ժամը 17:00-ին)
Թոթենհամ – Պըրնլի (ժամը 17:00-ին)
Վուլվզ – Մանչեսթըր Սիթի (ժամը 19:30-ին)
ԿԻՐԱԿԻ ՕՐ
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Պրենթֆորտ (ժամը 16:00-ին)
Չելսի – Քրիսթըլ Փելես (ժամը 16:00-ին)
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Արսենալ (ժամը 18:30-ին)
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Լիծ – Էվըրթըն (ժամ 22:00-ին)
ԳԵՐՄԱՆԻԱ
Վաղը Գերմանիոյ գերբաժակի մրցումին, որ այսուհետեւ պիտի կոչուի «Պեքընպաուըր բաժակ»-ի մրցում, բաժակակիր Շթութկարթ պիտի մրցի ախոյեան Պայերն Միւնիխի դէմ, Շթութկարթի «Էմ. Էյչ. Փի. Արենա»-ի վրայ:
2011-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով բացակայելէ ետք անցեալ եղանակին, Պայերն Միւնիխ կը վերադառնայ գերբաժակի մրցումին, խումբի մը դէմ, որ յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով կը մասնակցի այս մրցումին, յոյսով, որ այս անգամ աւելի բախտաւոր ըլլայ, քան անցեալ տարուան փենալթիներով պարտութիւնը` Պայեր Լեւերքուզընի դէմ:
Շթութկարթ իր անցեալ տարուան խումբէն միայն կորսնցուցած է Էնցօ Միյոն, եւ մարզիչ Սեպասթիան Հէօնես պիտի փորձէ լաւ սկսիլ տարեշրջանը առաջին գերբաժակի տիտղոսով 1992-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով:
Պայերն Միւնիխ հանգիստի առիթ չունէր այս ամառ, ուր մասնակցած էր ակումբներու մոնտիալին եւ հասած քառորդ աւարտական: Խումբին միացաւ քոլոմպիացի Լուիս Տիաս (Լիվըրփուլէն), եւ մարզիչ Վենսան Քոմփանի յոյս ունի, որ Տիասի հետ Պայերն աւելի եւս կը զօրանայ` պահելով օտար դաշտի վրայ իր անյաղթ մնալու կարողութիւնը անցեալ 2024-ի դեկտեմբերէն (6 յաղթանակ եւ 3 հաւասարութիւն) ի վեր, եւ գերբաժակը պահելով 2022-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով. գերբաժակը իբրեւ յարգանք կոչուած էր իր պատմական մարզիկ Ֆրանց Պեքընպաուըրի անունով:
Պայերն Միւնիխ, որ իր պատմութեան ընթացքին ամէնէն շատ Շթութկարթի դէմ մրցած է (162 անգամ)` յաղթելով 95 անգամ (հաւասարելով 29 անգամ եւ պարտուելով 38 անգամ): Շթութկարթ իր վերջին 20 մրցումներուն բնաւ հաւասարութիւն չէ արձանագրած` յաղթելով եւ պարտուելով 10 մրցումներ: Պայերն Միւնիխ երեքէ աւելի կոլեր նշանակած է անցեալ տարեշրջանի իր վերջին 6 մրցումներէն 5-ին, օտար դաշտի վրայ:
Նիք Վոլթըմատէ, որ Պայերն Միւնիխի փոխանցուելու առիթ ունէր, մնաց Շթութկարթ, եւ վաղը պիտի փորձէ իր խումբը առաջնորդել անակնկալ արդիւնքի մը: Պայերն Միւնիխի կողմէ Մայքըլ Օլիսէ շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի` Պայերն վերջին 4 մրցումներուն կոլեր եւ էսիսթներ կատարելով:
Շթութկարթէն պիտի բացակայի Պայերնի նախկին պատանիներէն Անկելօ Շթիլըր, որ վիրաւոր է, մինչ Պայերնէն պիտի բացակային Ժամալ Մուսիալա եւ Ալֆոնսօ Տէյվիս, որոնք տարեշրջանի 2-րդ մասին հաւանաբար վերադառնան:
ՖՐԱՆՍԱ
Այսօր կը սկսի «Լիկ 1»-ի ախոյեանութիւնը, ուր Ռենն պիտի հիւրընկալէ Մարսէյը:
Անցեալ տարի Ռենն 12-րդ դիրքը գրաւեց, վերջին 10 տարիներուն առաջին 6 դիրքերուն մէջ գտնուելէ ետք, եւ այս տարեշրջանին պիտի փորձէ վերստին «եւրոպական բաժակ»-ի դիրքեր գրաւել: Մարսէյ անցեալ եղանակին 2-րդ դիրքը գրաւեց ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի ետին, եւ մարզիչ Ռոպերթօ Տը Ցերպի պիտի փորձէ ախոյեան դառնալ 2009-2010 տարեշրջանէն ետք առաջին անգամ ըլլալով: Ակումբը առիթ տուաւ այդ երազը իրականացնելու` ձեռք ձգելով Իկոր Փայխաոն եւ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկը: Ռեննի լաւագոյն մարզիկներէն է Առնօ Քալիմուենտօ, որ վերջին մրցումներուն միշտ ալ կարեւոր կոլեր նշանակած է, մինչ Մարսէյի յառաջապահ Մէյսըն Կրինվուտ, որ անցեալ տարի կոլ սքորըրներու պարագլուխի դիրքը գրաւեց միասնաբար Ուսման Տեմպելէի հետ (21 կոլ), միշտ ալ Ռեննի դէմ փայլած է:
Ռեննէն կրնայ բացակայիլ Լիլիան Պրասիէ, մինչ պարագան նոյնն է Փայխաոյի համար, որ վերջին պատրաստութիւններուն բացակայ էր վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Ստորեւ կը ներկայացնենք «Լիկ 1»-ի առաջին հանգրուանի յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Ռենն – Մարսէյ (ժամը 21:45-ին)
ՎԱՂԸ
Լանս – Լիոն (ժամը 18:00-ին)
Մոնաքօ – Լըհաւր (ժամը 20:00-ին)
Նիս – Թուլուզ (ժամը 22:05-ին)
ԿԻՐԱԿԻ
Պրեսթ – Լիլ (ժամը 16:00-ին)
Անժէ – Փարիզ Ֆ. Ք. (ժամը 18:15-ին)
Մէձ – Սթրազպուրկ (ժամը 18:15-ին)
Օքսեռ – Լորիան (ժամը 18:15-ին)
Նանթ – Փարիզ Սեն Ժերմեն (21:45-ին)
ՍՊԱՆԻԱ
«Լա լիկա»-ի առաջին հանգրուանին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները.
ԱՅՍՕՐ
Ժիրոնա – Ռայօ Վայեքանօ (ժամը 20:00-ին)
Վիարէալ – Ռէալ Օվիետօ (ժամը 22:30-ին)
ՎԱՂԸ
Մայորքա – Պարսելոնա (ժամը 20:30-ին)
Ալավես – Լըվանթէ (ժամը 22:30-ին)
Վալենսիա – Ռէալ Սոսիետատ (22:30-ին)
ԿԻՐԱԿԻ ՕՐ
Սելթա Վիկօ – Խեթաֆէ (18:00-ին)
Աթլեթիք Պիլպաօ – Սեւիլիա (20:30-ին)
Էսփանիոլ – Աթլ. Մատրիտ (22:30-ին)
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Էլչէ – Պեթիս (22:00-ին)
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ
Ռէալ Մատրիտ – Օսասունա (22:00-ին)