Գերմանիոյ ֆութպոլի տարեշրջանը պաշտօնապէս սկսաւ, երբ շաբաթ գիշեր Պայերն Միւնիխ եղաւ հիւրը Շթութկարթի` Գերմանիոյ գերբաժակի մրցումին, որ այսուհետեւ պիտի կոչուի «Ֆրանց Պեքընպաուըր բաժակ»:
Պայերն Միւնիխ 2-1 արդիւնքով յաղթեց մրցումին, որուն ընթացքին իբրեւ լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Պայերնի խմբապետ բերդապահ Մանուէլ Նոյըր:
Պայերն լաւ փոխանցումներով խմբային խաղ կիրարկեց, մինչ Շթութկարթ աւելի վտանգեց Նոյըրի բերդը, որ սակայն մնաց անառիկ մինչեւ 93-րդ վայրկեան, երբ Ճէյմի Լեվելինկ նշանակեց Շթութկարթի միակ կոլը:
Պայերն 18-րդ եւ 77-րդ վայրկեաններուն նշանակած էր իր կոլերը, շնորհիւ Հերի Քէյնի եւ Լիվըրփուլէն նոր միացած Լուիս Տիասի:
Պայերնի ամէնէն աշխուժ մարզիկներէն էր Սերժ Կնապրի, որ աջ ծայրի յառաջապահ դիրքի վրայ կը խաղար` ստանձնելով Մայքըլ Օլիսէի դիրքը, որ կը խաղար թիւ 10 դիրքին վրայ` Հերի Քէյնի ետին, մինչ ձախ յառաջապահ դիրքի վրայ կը խաղար Լուիս Տիաս:
Նշենք, որ ֆրանսացի Քինկզլի Քոման քանի մը օր առաջ միացած էր Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի սէուտական Նասր խումբին` 10 յաջող տարիներ բոլորելէ ետք Պայերնի հետ: