Վաղը, Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ժամը 16:00-ին պիտի մրցի Ռաուտա Տըքուանէ խումբին դէմ:
Այս տարեշրջանին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4 մրցումներ խաղցած է անցեալ 31 մայիսէն ի վեր` յաղթելով 4 մրցումներուն ալ, նշանակելով 23 կոլ եւ ստանալով միայն 1 կոլ:
Պաշտպանողական գիծի մարզիկները լաւ ձեւով իրենց գործը կը կատարեն` իրենց ետին ալ բերդապահ Մոհամետ Պաթրաշ:
Միջնապահ գիծը, գլխաւորութեամբ խմբապետ Աւիկ Յարութիւնեանի եւ Յակոբ Նաճարեանի, գնդակը միշտ կը փորձէ մրցակիցէն խլել եւ դէպի յառաջ յարձակում կազմակերպել: Տիգօ, Սերժ եւ Եուսեֆ, ինչպէս նաեւ աջ ծայրի յառաջապահ Ֆատըլ արագ ձեւով հակայարձակում կը կազմակերպեն եւ կոլ կը նշանակեն:
Շատ անգամ ալ Բ. կիսախաղին Իպրահիմ Մուսաուի իր փորձառութեամբ շատ լաւ գիտնալով կոլ նշանակելու հմտութիւնը կը խաբէ մրցակից բերդապահները եւ կը գրաւէ մրցակիցի բերդը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ամբողջական խումբ ունի, բայց միշտ պէտք ալ ունի համակիրներու քաջալերանքին, որ աւելի եւս ոգեւորուած այս ամէնը իրականացնէ:
Այո՛, ՀՄԸՄ պէտք ունի բոլորին, որպէսզի արդիւնք տայ, յաղթէ եւ բարձրանայ Գ. դասակարգ:
Կան ֆութպոլի խումբեր, որոնք անհատներու պէտք ունին արդիւնք ձեռք բերելու, բայց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ խմբային աշխատանքի պէտք ունի իր նպատակին հասնելու:
Ֆութպոլը 90 վայրկեան չէ միայն: Ամբողջ շաբաթ մը մարզիկները կը պատրատուին, մարզիչներու խմբակը կ՛ուսումնասիրէ մրցակիցը, կը դրուի խաղի «փլեն»-ը, որուն հիման վրայ խումբը դաշտին վրայ արդիւնք պիտի տայ: Մարզիկներ կ՛ըլլան, որոնք ֆիզիքական լաւ պայմաններու մէջ չեն կրնար ըլլալ, այդ պատճառով ալ խումբին բժիշկը եւ մարձումի բժիշկը մարզիկներուն բոլոր ցաւերուն վրայ կ՛աշխատին, եւ այն մարզիկը, որ ցաւ ունէր, հանգիստ մրցում կ՛ունենայ մրցումին օրը:
Ֆութպոլը այդ չէ միայն, որ կը տեսնենք դաշտին վրայ: Ամբողջ ամիսներու երկար պատրաստութիւնները, վարչականներու եւ պատասխանատուներու զոհողութիւնները իրենց արդիւնքը կու տան դաշտին վրայ:
Երբեմն պզտիկ սխալ մը կրնայ ամէն ինչ փոխել եւ արդիւնքը կրնայ ժխտական ըլլալ: Բայց մեր մարզիկները, ինչպէս միշտ, իրենց 100 տոկոսէն աւելին պիտի տան, որպէսզի համակիրներուն նուիրեն յաղթանակ` հասնելու նպատակին, որ Գ. դասակարգ բարձրանալն է:
Վաղը ուրեմն բոլորս դաշտ` քաջալերելու տղաքը, որոնք 90 վայրկեան ետք վստահ յաղթանակով մը կրնան ուրախացնել ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը:
Համակիրներէն կը սպասուի մեծ թիւերով դաշտ ներկայանալ եւ քաջալերել 90 վայրկեան, մանաւանդ որ մասնաւոր փոխադրակառքեր ալ տրամադրած են զանոնք դաշտ փոխադրելու, Ֆանարէն, Ռաուտայէն եւ Պուրճ Համուտէն:


