Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Երբ Առիթէն Չես Օգտուիր…

Օգոստոս 18, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Կ.

Ֆութպոլը աշխարհի թիւ 1 մարզախաղն է, եւ ինչպէս կ՛ըսեն «թագաւորը»:

Թէ դիւրին խաղ է կամ դժուար, ճիշդ պատասխան չկայ, բայց յստակ բան կայ, որ մարզիկները իրենք կրնան դիւրացնել կամ դժուարացնել խաղը: Իրար յոգնեցնելն ալ նոյն ձեւով պատճառ կրնայ դառնալ, որ խումբ մը արդիւնք չտայ:

Շաբաթ օր Պհամտուն մեկնեցանք դիտելու եւ քաջալերելու ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը, որ լրջօրէն կը պայքարի Գ. դասակարգ բարձրանալու: Անգամ մը եւս միւս մրցումներուն արդիւնքները ի նպաստ մեզի էին, բայց մենք չկրցանք առիթները կոլի վերածել, եւ ֆութպոլի մէջ, ինչպէս գիտենք, արդարութիւն չկայ:

ՖԻՖԱ-ն քանի մը տարիէ իբրեւ թէ արդարութիւն կամ աւելի ճիշդը անսխալ մրցում ունենալու համար ՎԱՐ-ը մէջտեղ բերաւ, բայց բան մը չփոխուեցաւ, եւ տակաւին սխալներ կը պատահին գրեթէ ամէն մրցումի:

Շաբաթ օրուան իրաւարարն ալ սխալներով հարուստ մրցում մը ունեցաւ: Սերժ Օսքեանի վրայ յստակ փենալթի մը կար, երբ Բ. կիսախաղին սկիզբը մրցակից պաշտպան մը ձեռքով հրեց եւ գետին բերաւ… ըստ երեւոյթին մրցումը «պէտք էր հարուստ» վերջանար` չնեղացնելու Ռաուտա Տըքուանէն եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը, որոնք միասնաբար կրնան բարձրանալ Գ. դասակարգ:

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ շատ լաւ մարզիկներ ունի, բայց զարմանալիօրէն կա՛մ փորձի չեն գար միշտ, կա՛մ ալ մարզիչը տարբեր կարծիք ունի, ուր կը տեսնենք, որ բարձր մակարդակի մարզիկներ պահեստի աթոռներուն վրայ կ՛ըլլան միշտ, ինչպէս` Ալի Ֆահս կամ Հիւսէյն Զալզալէ, մինչեւ իսկ Էլի Փիլաւճին, որ շաբաթ օր դաշտ նոյնիսկ չներկայացաւ Բ. կիսախաղին` մնալով պահեստի աթոռներուն վրայ, նախկին մրցումներուն միշտ մեծ դեր ունենալով հանդերձ:

Անդին բարձրահասակ ձախ ծայրի պաշտպան Զէյն Ֆայյատ, վերջին մրցումներուն կը փոխարինէ Ալեքը, բայց պաշտպանելէ զատ ամէն ինչի մէջ լաւ է… Ոչ մէկ պաշտպանողական գնդակ կրցաւ զսպել ան, եւ ձախ կողմէն շատ հանգիստ մրցակիցները կ՛անցնէին: Յամենայն դէպս, յուսանք, որ «դիւրին» Ամալ Սալամի մրցումը իրապէս դիւրին ըլլայ, բայց ֆութպոլի մէջ դիւրին բան չկայ, երբ դուն լաւ չես խաղար, կամ առիթները կոլի չես վերածեր:

Շաբաթ օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ շատ աւելի լաւ էր մրցակիցէն, բայց պզտիկ սխալ մը Պեզզի-Քասեմ զոյգէն, եւ մրցակիցը կոլ նշանակեց օգտուելով առաջին առիթէն: Բերդապահ Պաթրաշ ամբողջ մրցումին 4-5 անգամ գնդակը զսպեց, որովհետեւ անոնք ընդհանուր առմամբ դիւրին էին, մինչ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ առաջին 10 վայրկեաններուն արդէն 4-5 առիթ ստեղծած եւ կոլ մըն ալ նշանակած էր:

Մէկ մրցում ունինք եւ պէտք է շաբաթ օրուան նման խաղանք, միակ տարբերութեամբ մը, որ աւելի լաւ վիճակի մէջ պէտք է ըլլանք կոլ նշանակելու պարագային:

 

 

Նախորդը

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յետաձգեց Իր Բարձրանալը

Յաջորդը

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը` 7 Սեպտեմբերին
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը` 7 Սեպտեմբերին

Օգոստոս 19, 2025
Պասքեթպոլ.  Աւստրալիա` Ասիոյ Ախոյեան
Մարզական

Պասքեթպոլ. Աւստրալիա` Ասիոյ Ախոյեան

Օգոստոս 19, 2025
Լիկ 1.  Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթանակով Սկսաւ
Մարզական

Լիկ 1. Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթանակով Սկսաւ

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?