Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլ Եւ Մանչեսթըր Սիթի Յաղթանակներով Սկսան

August 18, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ը սկսաւ ուրբաթ գիշեր, երբ ախոյեան Լիվըրփուլ բաւական դժուար յաղթանակով սկսաւ Պորնմաութի դէմ, որ 2-0 ետ մնալէ ետք կրցած էր 2-2-ի դարձնել արդիւնքը:

Լիվըրփուլ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը, եւ Սալահ քիչ մնայ բանար մրցումին հաշիւը, բայց սերպ բերդապահ Ճորճէ Փեթրովիչ զսպեց անոր ձախ ոտքի ուժգին հարուածը: Քիչ ետք, այս անգամ Սալահ փոխանցեց Վան Տայքին, որուն գլխու հարուածը քիչ մը բարձր էր:

Պորնմաութ անմիջապէս փոխադարձեց եւ Անթուան Սեսենեօ պզտիկ քառակուսիին մէջէն քիչ մնաց անակնկալի բերէր Ալիսոնը, բայց գնդակը բարձր գնաց:

37-րդ վայրկեանին ֆրանսացի Ուկօ Էքիթիքէ օգտուեցաւ Ալեքսիս Մաքալիսթըրի փոխանցումէն, որ զսպուելէ ետք Մարքոս Սենեսիի կողմէ վերադարձաւ իրեն` նշանակելով մրցումին առաջին կոլը: Հազիւ վայրկեան մը ետք Էքիթիքէ կոլ մը եւս պիտի նշանակէր` այս անգամ գլխու հարուածով, բայց քիչ մը բարձր անցաւ:

Բ. կիսախաղի սկիզբէն մօտ 5 վայրկեան ետք Էքիթիքէ էսիսթ մը տուաւ Քոտի Կաքփոյին, որ գնդակը հանդարտօրէն զետեղեց Փեթրովիչի բերդին մէջ:

Լիվըրփուլի ախորժակը բացուած էր, ան առիթներ ստեղծեց, բայց 64-րդ վայրկեանին կանացի Սեմենեօ կրցաւ անակնկալի բերել Լիվըրփուլը կոլով մը, եւ 12 վայրկեան ետք կոլ մը եւս աւելցուց Լիվըրփուլի պաշտպանողական գիծի թերութիւնները բացայայտելով:

82-րդ վայրկեանին իտալացի Ֆետերիքօ Քիեզա փոխարինելէ ետք Ֆլորիան Վիրց մեծ դեր ունեցաւ Լիվըրփուլի 3 կէտերը ձեռք ձգելուն մէջ, երբ նշանակեց 3-2-ի կոլը 88-րդ վայրկեանին, մինչ Սալահ 94-րդ վայրկեանին փակեց կոլերու հաշիւը` Էնտոյի փոխանցումէն օգտուելով:

«Փրեմիեր լիկ»-ի վերջին տարիներու լաւագոյն խումբերէն Մանչեսթըր Սիթի 4-0 հանգիստ յաղթանակով սկսաւ Վուլվզի դէմ այս վերջինին «Մոլինէօ» դաշտին վրայ (Վուլվերհեմփթըն):

Էրլինկ Հաալանտ (2), Թիյանի Ռէյնտըրզ եւ Ռայան Շերքի նշանակեցին Սիթիի 4 անպատասխան կոլերը:

Սանտըրլենտ «Փրեմիեր լիկ» վերադարձաւ եւ 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ուեսթ Համը:

 

Նախորդը

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Յաջորդը

Գերմանիոյ Գերբաժակ. Պայերն Միւնիխ Շահեցաւ 11-րդ Տիտղոսը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.