Լիվըրփուլի պատմական միջնապահ Սթիւըն Ճերարտ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Մայքըլ Օուընը համեմատած է Լամին Եամալի եւ Քիլիան Էմպափէի հետ` ընդգծելով, որ Օուըն իր պատանեկան տարիներուն գերազանցած է անոնց:
Պարսելոնայի 18 տարեկան աստղ Եամալ 2025-ին («Պալոն տ՛օր»-ի թեկնածուներէն մէկն է եւ կրնայ ամէնէն երիտասարդ մրցանակակիրը ըլլալ:
Ռոնալտօ 1997-ին «Պալոն տ՛օր»-ը շահած էր` դառնալով ամէնէն երիտասարդ տիտղոսակիրը: 26 տարեկան Քիլիան Էմպափէ նոյնպէս այս տարի թեկնածու է «Պալոն տ՛օր» շահելու:
Ճերարտ եւ Օուըն Լիվըրփուլի մէջ խմբակիցներ եղած են 6 տարի, մինչեւ 2004, երբ Օուըն փոխադրուեցաւ Ռէալ Մատրիտ:
«Երկուքն ալ թեկնածու են «Պալոն տ՛օր»-ի, բայց պէտք է յարգել այն փաստը, որ Մայքըլ Օուըն ճանչցուած է իբրեւ աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստ: Ես խաղցած եմ անոր հետ: Ան աներեւակայելի պատանի էր: Այդ պատճառով պէտք է ըսեմ, որ ինծի համար ան բոլորէն լաւ էր: Բայց պէտք է աւելցնեմ, որ Էմպափէն ու Եամալը սքանչելի ֆութպոլիստ են», ըսաւ Ճերարտ:
Օուըն 1996-ին սկսած էր Լիվըրփուլի հետ 17 տարեկանին, եւ «Փրեմիեր լիկ»-ի պատմութեան մէջ պատանի տարիքին ամէնէն շատ կոլերը նշանակած է` 40 կոլ 79 մրցումներու ընթացքին, մինչեւ 20 տարեկան դառնալը: Ան նաեւ մրցանիշ արձանագրած է պատանի եղած ժամանակ` 25 կոլ նշանակելով 1998-ին:
Օուըն Լիվըրփուլին օգնած է 2001-ին Լիկայի բաժակը, Անգլիոյ, ինչպէս նաեւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի բաժակը շահելով: 22 տարեկանին ան դարձաւ առաջին անգլիացի ֆութպոլիստը, որ Քեւըն Քիկընէն ետք կը շահէր «Պալոն տ՛օր»-ը:
Լամին Եամալ 2023-ին 15 տարեկանին Պարսելոնայի հետ սկսած էր ելոյթներ ունենալ` նշանակելով 14 կոլ եւ 22 էսիսթ:
Էմպափէ 2018-ին 19 տարեկանին Ֆրանսայի ազգային խումբին հետ շահած էր մոնտիալը: Անոր աւարտական մրցումին կոլը` Խրուաթիոյ դէմ, զինք դասած է Փելէի ետին` իբրեւ աւարտական մրցումին ամէնէն երիտասարդ կոլ-սքորըր: