Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին գծով, անցեալ տարուան ախոյեան Կրասնոտար 5-1 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ արձանագրեց Սոչիի դէմ մրցումին:
Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ եւ Կրասնոտարի խմբապետ Էտուարտ Սփերձեան երկու կոլ նշանակեց, 3-րդ կոլի փոխանցում մըն ալ կատարեց եւ այժմ 1 կէտով ետ կը մնայ առաջին դիրքը գրաւող Լոքոմոթիւ Մոսկուայէն (13 կէտ):
Սփերձեան, որուն հետ վերջերս կապի մէջ մտած էր Սաութհեմփթըն, յայտնեց, թէ մինչեւ դեկտեմբեր կը մնայ Կրասնոտարի հետ եւ ձմեռնային փոխանցումներու ժամանակ կը յստականայ, թէ ո՛ր խումբը աւելի յարմար կ՛ըլլայ փոխանցուելու: