Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Յաղթանակով Սկսաւ

August 19, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ տարուան «Լա լիկա»-ի ախոյեան Պարսելոնա տարեշրջանը սկսաւ լաւ ձեւով` շարունակելով անցեալ տարեշրջանի գեղեցիկ ելոյթները. եւ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռէալ Մայորքան, այս վերջինիս դաշտին վրայ:

Մրցումին ազդանշանէն, Պարսելոնա յարձակումի անցաւ եւ 7-րդ վայրկեանէն կոլ ալ նշանակեց, երբ Լամին Եամալի օդային գեղեցիկ փոխանցումէն ետք Ռաֆինիա գլխու հարուածով գրաւեց Մայորքայի բերդը: Մայորքա փորձեց փոխադարձել, եւ Ժոան Կարսիաէն ետք Վետաթ Մուրիքի առիթներ ստեղծեց մինչեւ Պարսելոնայի վիճելի 2-րդ կոլը:

Արդարեւ, Մայորքայի յետսապահներէն մէկը գլխու հարուածով հեռացնելէ ետք Պարսելոնայի յարձակումը, վիրաւորուելով գետին ինկաւ իր մեծ քառակուսիին մէջ: Իրաւարարը սուլիչը պատրաստեց մրցումը կասեցնելու, բայց… շարունակեց: Պարսելոնա վերատիրացաւ գնդակին եւ հասցուց Ֆեռան Թորեսին, որ նշանակեց Պարսելոնայի 2-րդ կոլը` 23-րդ վայրկեանին, ուր Մանու Մորլանես բողոքելէ ետք իրաւարարին դեղին քարտ ստացաւ: Դեղին քարտ ստացաւ նաեւ Մայորքայի օգնական մարզիչը:

Մորալնես պրկուած շարունակեց մրցումը եւ հազիւ 10 վայրկեան ետք կարծր ֆաուլէ մը ետք վտարուեցաւ դաշտէն, 33-րդ վայրկեանին:

Մայորքայի գործը աւելի դժուարացաւ, երբ յառաջապահ Մուրիքի ոտքը պէտք եղածէն աւելի բարձրացուց եւ դպնալէ ետք Պարսելոնայի բերդապահ Խուան Կարսիայի վիզին… կարմիր քարտ ստացաւ: Մայորքայի համակիրներէն մաս մը լքեց դաշտը, մինչ Ռաֆինիա իր կարգին պէտք էր կարմիր քարտ ստանար կիսախաղէն քիչ մը առաջ, Մաթէօ Մորիի վրայ կարծր թաքըլէ մը ետք:

Բ. կիսախաղին շատ բնական էր, որ Մայորքա միայն պաշտպանէ, իսկ Պարսելոնա միայն յարձակի: 65-րդ վայրկեանին Մայորքա կոլ նշանակելու առիթ մը ունեցաւ ազատ հարուածով: Եոհան Մոհիքայի գեղեցիկ հարուածը արժանի կոլ մը կրնար ըլլալ:

69-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ Մարքոս Ռաշֆորտ, եւ ինքն ու Կաւին փոխարինեցին Ֆեռան Թորեսը եւ Փաու Քուպարսին:

Պարսելոնա շարունակեց յարձակիլ, եւ Տանի Օլմօ ցնցեց Մայորքայի բերդը` գնդակը դպցնելով բերդի սիւնին: Ռաֆինիա եւ Փետրի առիթներ ունեցան շատ աւելի բարձրացնելու արդիւնքը, բայց 18 տարեկան Եամալ ինքն էր, որ պիտի փակէր կոլերու հաշիւը գեղեցիկ հարուածով մը, որուն շնորհիւ ընտրուեցաւ մրցումի լաւագոյն մարզիկ:

Պարսելոնայի 14-րդ յաղթանակն էր 17 բացման մրցումներու գծով, մինչ Մայրոքա վերջին 10 եղանակներուն առաջին անգամ ըլլալով պարտութեամբ կը սկսէր «Լա լիկա»-ն:

Ստորեւ` առաջին շաբթուան արդիւնքները.

Էփանիոլ – Աթլեթիքօ Մատրիտ 2-1
Աթլեթիքօ Պիլպաօ – Սեւիա 3-2
Սելթա Վիկօ – Խեթաֆէ 0-2
Ալավես – Լեվանթէ 2-1
Վալենսիա – Ռէալ Սոսիետատ 1-1
Մայորքա – Պարսելոնա 0-3
Վիյարէալ – Ռէալ Օվիետօ 2-0
Ժերոնա – Ռայօ Վայեքանօ 1-3
Ռէալ Մատրիտ – Օսասունա (այսօր)

Նախորդը

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Յաջորդը

Սփերձեան Տուպլէ Իրագործեց

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.