Պայերն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ազգային խումբի պատմական հին մարզիկներէն Քարլ-Հայնց Ռումենիկէ, որ այժմ վարչական պատասխանատու է Պայերն Միւնիխի մէջ, մտահոգ է եւ կը կարծէ, որ ակումբներ քիչ մը շատ կը վճարեն մարզիկներուն, որոնց ձեռքը պիտի ըլլայ ուժը այս ընթացքով:
Խօսքը անշուշտ մարզիկներուն եւ անոնց գործավարներուն համար է, որոնք զուտ վաճառականներ դարձած են` մոռնալով որեւէ պատկանելիութիւն:
«Քիքըր»-ն հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին Ռումենիկէ, որ 1980-ին եւ 1981-ին «Պալոն տ՛օր»-ը շահած էր, յայտնեց, թէ 2000 թուականին, երբ Պայերնի տնօրէնն էր, Շալքէ 17 միլիոն մարքի «գնած» էր պելճիքացի Էմիլ Էմփենզան: Այդ իսկ օրէն ամէն ինչ փոխուեցաւ, եւ մեծ գումարներ սկսան ծախսուիլ: 2 տարի առաջ Պայերն Միւնիխ մօտ 100 միլիոն եւրոյի փոխարէն ձեռք ձգեց անգլիացի Հերի Քէյնը: Այժմ Ֆլորիան Վիրց 150 միլիոն կ՛արժէ:
Բայց Ռումենիկէի մտահոգութիւնը խաղցողի փոխանցման համար ծախսուած գումարը չէ, այլ անոր վարձավճարը:
«2000 թուականին Պայերնի շահը մօտ 283 միլիոն մարք էր, որ մօտաւորապէս 144,7 միլիոն եւրօ կ՛արժէր: Անցեալ տարուան շահը 951,5 միլիոն եւրօ էր, որ 6 անգամ աւելի բարձր է: Հարցը հոս չէ: Քէյնի պարագային 4 տարուան պայմանագրութիւն ստորագրուած է, որ կը նշանակէ 25 միլիոն իւրաքանչիւր տարուան համար: Հարցը ամսական վարձավճարն է, որ հետզհետէ կ՛աւելնայ: Մենք Պայերնի մէջ երբեմն արժէքէն աւելի կը վճարենք», ըսաւ Ռումենիկէ:
Իր կարծիքով, ասիկա կրնայ շտկուիլ, եւ տուաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի օրինակը: Տարիներ շարունակ միլիառներ ծախսելէ ետք աստղեր ձեռք ձգելով ո՛չ Մեսսի, ո՛չ Նէյմար, ո՛չ ալ Էմպափէ կրցան եւրոպական տիտղոս շահիլ ֆրանսական ակումբին հետ: Անոնք շատ աւելի նուազ ծախսելով կրցան շահիլ «Չեմփիընզ լիկ»-ը եւ հասան ակումբներու մոնտիալի աւարտական:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքանո՞վ կը վնասուին ակումբները նոր մրցաշարքերու մասնակցելով, Ռումենիկէ ըսաւ. «Այդքան ալ մեծ բան մը չէ: Եթէ ակումբներու մոնտիալին համար է, ատիկա 4 տարին անգամ մը տեղի պիտի ունենայ: Շատ մարզիկներ իրենց գործավարներուն հետ մասին իրենք զիրենք այս կացութեան մէջ դրին: Իրենք են, որ յաւելեալ ամսականներ կը պահանջեն, բան մը, որ կը ստիպէ յաւելեալ եկամուտի աղբիւրներ գտնել, եւ այս պարագային այս ձեւի մրցաշարքեր կազմակերպելը աղբիւրներէն մէկն էր: Բայց երբ մարզիկներ պիտի ըմբոստանան իրենց ակումբներուն դէմ, ինչպէս պատահեցաւ Ուսման Տեմպելէի հետ 2017-ին Տորթմունտի մէջ, կամ Քոլօ Մուանէի հետ 2023-ին` Ֆրանքֆորթի մէջ, պոյքոթի ենթարկելով: Ֆութպոլի մէջ շատ պարզ եւ դիւրին բառ մը կայ` «ո՛չ»: Ակումբները ձեր ուզածները չեն կրնար ընել: Պայերն միշտ հեռու եղած է այս հարցերէն եւ պարզապէս ազատ կը ձգէ դժգոհ մարզիկը, որ փոխէ խումբը»:
Յամենայն դէպս, Ռումենիկէ մտահոգիչ կը գտնէ դերը մարզիկներուն գործերը դարձնող գործավարներուն, որոնք հետզհետէ դարձած են զօրաւոր գետնի վրայ: «Ակումբները կեցուածք պէտք է ունենան` առիթ չտալով, որ զօրանան անոնք: Պէտք է ուժդ ցոյց տաս: Կրնաս ակումբի աշխատանքին միացնել նաեւ ծայրայեղ համակիրները` ուլթրազները: Սակայն անոնք ալ հետզհետէ իրենք զիրենք զօրաւոր կրնան զգալ` պահանջելով յաւելեալ իրաւասութիւններ: Իմ կարծիքովս` ուլթրազները կ՛ուզեն վերադառնալ 1960-ականներուն եւ 1970-ականներուն, բայց այդ մէկը յաջողութեան չի կրնար հասնիլ: Կեանքի մէջ ամէն ինչ կը փոխուի», ըսաւ Ռումենիկէ:
Ռումենիկէ կը տեսնէ, թէ երբ Ուլթրազի ձեռքը ըլլայ ուժը, հարցեր կրնան ստեղծուիլ, եւ հոն չհասած արդէն ակումբներ պէտք է խորհրդակցելով լուծում գտնեն եւ սահման դնեն ակումբին ղեկը վտանգող ամէն բանի: