ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ շաբաթ օր Պհամտունի մէջ «ոսկի առիթ» մը կորսնցուց ապահովելու Գ. դասակարգ բարձրանալու իր տոմսը, երբ 1-1 արդիւնքով աւարտեց Ռաուտա Տըքուանէի դէմ իր մրցումը:
Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի նախավերջին իր մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ շատ լաւ ձեւով սկսաւ մրցումը:
6-րդ վայրկեանին Յակոբ Նաճարեանի փոխանցումէն ետք Եուսեֆ Համատէ պարտութեան մատնեց մրցակից բերդապահը, սակայն Տըքուանէի բերդին սիւնը զսպեց հարուածը:
2 վայրկեան ետք Սերժ Օսքեան Եուսեֆէն փոխանցում մը ստանալէ ետք զօրաւոր հարուած մը տուաւ, սակայն բերդապահը քոռնըր զրկեց անոր հարուածը:
Վայրկեան մը ետք, Ալեք աութ մը նետեց դուրսէն, Տիգօ փոխանցեց Ֆատըլին, որուն հարուածը զսպեց բերդապահը: Գնդակը վերադարձաւ Ֆատըլին, որ փոխանցեց կեդրոն Եուսեֆին: Այս վերջինս տուաւ Յակոբին, որուն հարուածը դպնալէ ետք յետսապահի մը, հասաւ Սերժին, որ մրցակից մը խաբելէ ետք դէպի վեր հարուածեց` գրաւելով Ռաուտայի բերդը: Արդիւնք` 1-0:
Արդիւնքը շատ բնական էր ՀՄԸՄ-ի ճնշումէն ետք: ՀՄԸՄ շարունակեց ճնշել մրցակիցին վրայ, բայց յաճախ տղաք իրար կը յոգնեցնէին երկար սփրինթներով, ուր Սերժ եւ Տիգօ բազմիցս կատարեցին սփրինթներ, որոնք ապարդիւն էին:
Մրցումին պատկերը մնաց անփոփոխ, եւ ՀՄԸՄ շատ դիւրութեամբ կը կասեցնէր մրցակիցին յարձակումները, ուր Պեզզի (աջէն), Աքիլ եւ Քասեմ (կեդրոնէն) եւ Ալեք (ձախէն) միշտ պատրաստ էին կասեցնելու յառաջացող մրցակիցները:
Յակոբ եւ խմբապետ Աւիկ կեդրոնէն կը կասեցնէին գնդակը եւ կը փորձէին յարձակումներ կազմակերպել:
Կիսախաղէն քիչ առաջ 47-րդ վայրկեանին Եուսեֆի օդային փոխանցումէն ետք Ֆատըլ Ռիտա գլխու հարուածով քիչ մնաց նշանակէր կոլ մը, բայց բերդապահը մատներուն ծայրով քոռնըր ղրկեց ոսկի առիթը:
Բ. կիսախաղին, հազիւ 4 վայրկեան անցած էր, երբ իրաւարարը արդար փենալթիէ մը զրկեց ՀՄԸՄ-ը, երբ Սերժ մեր քառակուսին մտնելէ ետք մրցակից յետսապահէ մը գետին բերուեցաւ, երբ ան ձեռքով հրեց զայն:
52-րդ վայրկեանին յարձակումի մը պահուն գնդակը դպաւ մրցակիցի մը ձեռքին, բայց իրաւարարը… շարունակեց մրցումը:
58-րդ վայրկեանին Հիւսէյն Պեզզի մրցակիցէ մը խլեց գնդակը, բայց ճնշումի տակ դէպի ետ կը վազէր քոռնըրի կողմէն եւ կը փորձէր փոխանցել Մոհամէտ Քասեմի, բայց մրցակիցը զայն առնելով փոխանցեց կեդրոն, ուր Հասան Այյուպ նշանակեց հաւասարութեան կոլը:
Արդէն Իպրահիմ Մուսաուի եւ Ալի Ֆահս կը պատրաստուէին դաշտ ներկայանալու, երբ Ռաուտա կոլ նշանակեց:
Սերժ եւ Ֆարըլ փոխարինուեցան: 62-րդ վայրկեանին Եուսեֆի գեղեցիկ փոխանցումէն չկրցաւ օգտուիլ Մուսաուի, որ բարձր հարուածեց ստոյգ առիթ մը կորսնցնելով:
71-րդ վայրկեանին Պեզզի աջ կողմէն յառաջացաւ եւ մօտ 25 մեթրէն հարուածեց գնդակը, որ դպնալէ ետք Ռաուտայի բերդի հորիզոնական ձողին դուրս ուղղուեցաւ:
3 վայրկեան ետք մրցակիցի մէկ սխալէն քիչ մնաց օգտուէր Մուսաուի, որ բերդապահին անցնելէ ետք գնդակը կորսնցուց…
83-րդ վայրկեանին ՀՄԸՄ հակայարձակում կը կազմակերպէր, երբ Զէյն Ֆայյատ ձախ կողմէն երկար փոխանցում մը տուաւ Մուսաուիին, որուն դիրքը օֆսայտ նկատեց ծայրի իրաւարարը…
Վայրկեան մը ետք Եուսեֆ փոխանցում մը ստանալէ ետք յետսապահի մը ճնշումին տակ չկրցաւ լաւ ձեւով հարուածել` ստոյգ առիթ մը եւս կորսնցնելով:
Մրցակից խումբը շատ ժամանակ անցընելէ ետք իրաւարարը 6 յաւելեալ վայրկեաններ տուած էր: 95-րդ վայրկեանին Հիւսէյն Զալզալէ քանի մը մարզիկ խաղի բերելէ ետք զօրաւոր հարուած մը տուաւ, բայց բերդապահը զսպեց, Մուսաուի փորձեց տապըլ-քիք դէպի ետ հարուածել, բայց գնդակը բարձր եղաւ:
97-րդ վայրկեանին իրաւարարը սուլեց մրցումին աւարտը: Միւս մրցումներուն Լիուաա Սայտա 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Ամալ Սալամ Զղարթան, իսկ Շեքքա 6-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Սանհարիպը:
Ստորեւ` դասաւորումը.
ԿԷՏ | |
1.- Ռաուտա Տըքուանէ | 8 (10-3) |
2.- ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ | 7 (7-4) |
3.- Շեքքա | 6 (10-6) |
4.- Լիուաա Սայտա | 6 (7-8) |
5.- Ամալ Սալամ Զղարթա | 5 (7-7) |
6.- Սանհարիպ | 1 (3-16) |
Վերջին շաբթուան մրցումները տեղի պիտի ունենան այս կիրակի (սկզբունքով)` հետեւեալ յայտագիրով.
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ամալ Սալամ Զղարթա (Ճիւնիի դաշտ)
Ռաուտա Տըքուանէ – Շեքքա
Սանհարիպ – Լիուաա Սայտա