«Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն ձախող ելոյթ կ՛ունենար Իտալիոյ մէջ, Եւրոպայի գերբաժակի մրցումին` Թոթենհամի դէմ, որ շատ աւելի լաւ կը խաղար:
Միքի Վան Տը Վեն եւ խմբապետ Քրիսթիան Ռոմերօ կոլեր ալ նշանակեցին 39-րդ եւ 48-րդ վայրկեաններուն:
Փարիզ Սեն Ժերմեն դէպի պարտութիւն կ՛ուղղուէր, երբ քորէացի Քանկ-Ին Լի կրցաւ կոլ նշանակել 85-րդ վայրկեանին, Կոնսալօ Ռամոս 94-րդ վայրկեանին կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը` անակնկալի բերելով բոլորը, որոնք կը սպասէին անգլիական խումբին յաղթանակին, աւելի տրամաբանական կը թուէր, մանաւանդ որ Փարիզ Սեն Ժերմեն չէր կրցած այս մրցումին տպաւորել:
Դիմուեցաւ փենալթիներու, ուր Վիթինիա կորսնցուց Փարիզի առաջին առիթը, սակայն միւս կողմէ Վան Տը Վեն եւ Մաթայս Թել կորսնցուցին իրենց փենալթիները, մինչ Ռամոս, Տեմպելէ, Լի եւ Մենտեշ անսխալ էին եւ գերբաժակը նուիրեցին ֆրանսական ակումբին: