Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքին մէջ վերջ գտաւ ճատրակի միջազգային «7-րդ Թեսաղոնիկէի բաց ճատրակի մրցաշարք»-ը, ուր Ա. խմբակի լաւագոյն կին մասնակից ընտրուեցաւ աղջկանց միջազգային վարպետ Սուսաննա Գաբոյեան, որ կարելի 9 կէտերէն վաստկեցաւ 5 կէտ:
Նոյն խումբին պատանի մասնակիցներ Արեն Մնացականեանի եւ Ալեքսանտր Աւանէսեան վաստկեցան 5,5 եւ 5 կէտ: Ալեքսանտր 115,6 կէտով բարելաւեց իր միջազգային կէտերը:
Մրցաշարքի Բ. խմբակին մէջ Սոֆիա Բաղրամեան վաստկեցաւ 5 կէտ եւ ընտրուեցաւ լաւագոյնը` մինչեւ 12 տարեկան աղջիկներու պայքարին: Սոֆիա 100,8 կէտով բարելաւեց իր միջազգային վարկանիշը: