Լիբանանի տարածքին բազմաթիւ մասնաճիւղեր ունեցող «Սթեփ Ըհետ», կատարեց իր նոր մասնաճիւղին` Տորայի կեդրոնին բացումը:
Բացումը կատարեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան` ներկայութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, «Սթեփ Ըհետ»-ի Տորայի մասնաճիւղի պատասխանատուներ, «Սէ. Ի. Թէ.» արհեստից հիմնարկի տնօրէն եւ պատասխանատու Իպրահիմ Հատտատ եւ Ահմետ Տիապ, «Սթեփ Ըհետ»-ի գլխաւոր մարզիչ Ֆուատ Ժըրժես, մարզական լրագրողներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:
Իր խօսքին մէջ Իպրահիմ Հատտատ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Կիտանեանին` բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուելուն առիթով:
Նախարար Կիտանեան խօսք առնելով ըսաւ, որ շնորհաւորելի է «Սէ. Ի. Թէ.»-ին առած այս քայլը, որ «Սթեփ Ըհետ»-ի ընդմէջէն կրցաւ կրթութեան եւ գիտութեան կողքին մարզական ուսուցում ալ փոխանցել աշակերտներուն եւ մարզիկներու պատրաստութեան յատուկ ծրագիրի զարգացման օժանդակել:
Շարունակելով իր խօսքը` նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ ինք եւ կառավարութիւնը իրենց ամէն կարելին կ՛ընեն, որպէսզի Լիբանան վերածուի զբօսաշրջութեան կարեւոր կեդրոնի մը` Միջին Արեւելքի մէջ:
Բացման հանդիսութեան աւարտին Իպրահիմ Հատտատ յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց նախարար Աւետիս Կիտանեանը: