Ինչպէս ծանօթ է, 19-26 փետրուարին Ճափոնի Սափորօ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենան ասիական ձմեռնային 8-րդ խաղերը, որոնց իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան:
Լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահ Ժորժ Զէյտանի Ճափոն հասնելէն քանի մը օր ետք, Սափորօ մեկնեցան նաեւ լիբանանցի քանի մը դահուկորդներ` գլխաւորութեամբ Տինա Նասըրի:
Նշենք, որ այսօր տեղի կ՛ունենայ լիբանանեան դրօշակի բարձրացման արարողութիւնը, վաղը` խաղերուն պաշտօնական բացումը, որմէ ետք պիտի սկսին անոնք: