
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան միայն երկու ճակատումներ:
Շիքակօ Պուլզ, որ հիւրընկալեց Պոսթըն Սելթիքսը, կէտի մը տարբերութեամբ` 104-103 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Ճիմի Պաթլըր (Պուլզ) եւ Իսայահ Թոմաս (Սելթիքս) նշանակեցին 29-ական կէտ:
Իսկ երկրորդ մրցումին, Ինտիանա Փէյսըրզ 111-98 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծէն:
Յառաջիկայ երկու օրերուն որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ` նկատի ունենալով, որ երկուշաբթի լուսցող գիշերը տեղի պիտի ունենայ «Օլ-Սթար»-ի մրցումը` Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններուն միջեւ: