Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 17 փետրուարին, տեղի պիտի ունենայ Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ` ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին փոխարէն (Նաքքաշ), եւ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին:
Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս այժմ ունի 16 կէտ` Ռիատի Պէյրութի ետին (18 կէտ): Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլ, որ ցարդ իր կատարած վեց մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած է, կը գրաւէ 7-րդ եւ վերջին դիրքը (6 կէտ):
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: