Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Ղըպէյրիի դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Սատաքայի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի լաւ ներկայացում մը կատարելով ամէն գնով յաղթանակ ապահովել: