Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 17 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մեկնի Հարաւային Լիբանան, ուր Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրը կ՛ըլլայ Ահլի Սայտայի: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
ՀՄԸՄ այժմ 19 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը, իսկ Ահլի Սայտա` 20 կէտով 7-րդ դիրքը:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրել եւ Պէյրութ վերադառնալ երեք կէտով


