23-ակի ողիմիպական ախոյեան, ամերիկացի լողորդ Մայքըլ Ֆելփս, մրցումներու ընթացքին գործածած է «Կապափենթի», այս գծով յայտարարութիւն մը կատարած է «Ֆենսի Պերզ»:
Ապրիլ 2016-ին տեղի ունեցած «Արենա Փրօ Սուիմ Սիրիզ» մրցումին ընթացքին է, որ ան այդ դեղամիջոցը գործածած է:
Թէեւ «Կապափենթի»-ն էփիլեփսիայի եւ այլ ցաւերու դէմ է, բայց եւ այնպէս միջազգային խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ գործակալութիւնը զանիկա արգիլուած դեղամիջոցներու ցանկին մէջ չէ ներառած: