Իրանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ֆութսալի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի ներկայացուցիչը` Ֆութսալ Պիզնըս լիկա հաւաքականը, 3-2 արդիւնքով յաղթեց Ճափոնին` այսպիսով իր կէտերու հաշիւը բարձրացնելով 6-ի:
Արսէն Մանուկեան տուպլէ մը իրագործեց, մինչ երրորդ կոլը նշանակեց Հայկ Կիրակոսեան:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստան 10-2 արդիւնքով ջախջախեց Թուրքիան, մինչ երկրորդին պարտուեցաւ Հունգարիայէն (4-1):