Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը հիւրը եղաւ Ահլի Սայտայի:
Մրցումին 42-րդ վայրկեանին, ՀՄԸՄ բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Սերժ Չաքըրեանի նշանակած կոլին, որ փոխանցուեցաւ Գէորգ Օհանեանէն:
Թէեւ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի գերակայութեամբ, սակայն հիւրընկալ կազմը 78-րդ վայրկեանին նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը, հակառակ անոր որ մինչ այդ ՀՄԸՄ կը ստեղծէր կոլի ստոյգ առիթներ:
83-րդ վայրկեանին Յարութ Մումջողլեան իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով մրցումը չկրցաւ շարունակել, երբ իրաւարարին կողմէ ստացաւ կարմիր քարտ մը:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, ՀՄԸՄ ունեցաւ 20 կէտ, մինչ Ահլի Սայտա` 21: