Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Պիպլոս, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մէյրուպան, 96-81 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով վերստին Ռիատիէն խլեց երկրորդ դիրքը: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 17-22, 37-34, 65-53 եւ 96-81:
Մրցումին եւ Պիպլոսի ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Էպի Նտուտի (42 կէտ, 16 ռիպաունտ), մինչ Մէյրուպայէն Էմանուէլ Ճոնզ նշանակեց 30 կէտ եւ 11 ռիպաունտ:
Այսօր կ՛աւարտի այս հանգրուանը, երբ երեկոյեան ժամը 17:30-ին Շանվիլ կը հիւրընկալէ Թատամոնը: