Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ Ժորժ Զէյտան Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Սափորօ (Ճափոն), ուր 19-26 փետրուարին տեղի պիտի ունենան ասիական ձմեռնային 8-րդ խաղերը:
Զէյտան, որ լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահն է, չորեքշաբթի այդ խաղերուն մասնակցող պատուիրակութիւններուն նախագահներուն հետ ժողով գումարեց եւ այդ խաղերուն կազմակերպման վերաբերեալ նիստերու մասնակցեցաւ:
Ան նաեւ դասաւորումներ պիտի ընէ լիբանանեան պատուիրակութեան իջեւանելիք պանդոկին գծով, ինչպէս նաեւ յատուկ կարգադրութիւններ պիտի ընէ այն մասին, թէ լիբանանցի մարզիկներուն փորձերը ե՞րբ եւ ո՞ւր տեղի պիտի ունենան: