
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը գրաւող ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը երէկ կէսօրին Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Տուպայի միջազգային մրցաշարքին:
Մրցաշարքին մասնակցող խումբերը իրարու դէմ պիտի մրցին մէկ անգամ (իւրաքանչիւրը` 6 մրցում): Աւարտին դասաւորման առաջին չորս դիրքերը գրաւողները կ՛ապահովեն կիսաւարտականի իրենց տոմսերը:
Թէեւ մրցաշարքը սկսաւ երէկ, սակայն ՀՄԸՄ մրցում չունէր կատարելիք: ՀՄԸՄ-ի նման իւրաքանչիւր խումբ մէկ հանգրուան մրցում պիտի չկատարէ:
Այսօր եւ յաջորդող հինգ օրերուն, ՀՄԸՄ իւրաքանչիւր օր մրցում ունի կատարելիք:
ՀՄԸՄ-ի այսօրուան մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռիատի: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 17:00-ին:
Իսկ վաղը, ժամը 15:00-ին, ՀՄԸՄ իր դէմ պիտի ունենայ Պոլ Ըպաւ Օլ խումբը:
Վերջինս երէկ իր կատարած առաջին մրցումին 99-72 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սաժեսէն:
Իր կարգին, Ռիատի յաղթանակով սկսաւ մրցաշարքը, երբ 85-69 արդիւնքով յաղթեց Եգիպտոսի ազգային խումբին:
Նշենք, որ այսօր Սաժես մրցում չունի կատարելիք:
Վաղը ՀՄԸՄ – Պոլ Ըպաւ Օլ մրցումին պիտի յաջորդէ Ռիատի – Սալա մրցումը (ժամը 19:00), ապա` Մայթի Սփորթց – Սաժես հանդիպումը (ժամը 19:00):