Գաղութային

Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Կազմակերպութեամբ`   Լիբանանեան 12 Կուսակցութիւններու Երիտասարդներ Եւ Ուսանողներ Ներկայ Գտնուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Հանդիպումի Մը

Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Կազմակերպութեամբ` Լիբանանեան 12 Կուսակցութիւններու Երիտասարդներ Եւ Ուսանողներ Ներկայ Գտնուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Հանդիպումի Մը

Կազմակերպութեամբ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ), շաբաթ, 29 ապրիլ 2023-ին Ժիպէյլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին հանդիպում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան 12 կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչները: Հանդիպումին նպատակն էր ներկաներուն մօտէն ծանօթացնել Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէութեան ակումբի սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին: ԶՈՄ-ի խօսքը արաբերէնով արտասանեց Կարէն Պոյաճեան,...

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներ.  Վերանորոգման Եւ Վերալիցքաւորման Համագումար` Կիրակնօրեայի Ուսուցիչներուն Յատուկ

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներ. Վերանորոգման Եւ Վերալիցքաւորման Համագումար` Կիրակնօրեայի Ուսուցիչներուն Յատուկ

«Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատեն, որպէսզի իր ծերութեան ատեն անկէ չխոտորի» (Առակ. 22.6) Քրիստոնէական հաւատքի աղբիւրը կը նկատուի Աստուածաշունչ մատեանը: Դարերէ ի վեր քրիստոնեաներս սնանած ենք անոր կենսատու խօսքերով, զօրացուցած ենք մեր հաւատքը Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, շարունակած` մեր բարի պատերազմը աշխարհի իշխանին դէմ եւ լիցքաւորած` նոր սերունդները մեր պապերու աղօթքով: Կասկածէ վեր է, որ մանուկները մեր Տիրոջ` Յիսուսի Քրիստոսի...

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Նշում Զահլէի Հայ Կեդրոնին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Նշում Զահլէի Հայ Կեդրոնին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին, ուրբաթ, 28 ապրիլ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զահլէի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչում: Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, ապա «Արամ» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Խաժակ Բալուլեան, որ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքին, հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործուած անմարդկայնութեան` դիտել տալով, որ, հակառակ այդ բոլորին, հայութիւնը կրցաւ վերապրիլ, սփիւռք կերտել, Լիբանանի մէջ տարածուիլ,...

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ.  Ապագայ Լրագրողները Քննարկեցին Իրենց Գրութիւններն Ու Հրատարակուած Առաջին Աշխատանքը

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ. Ապագայ Լրագրողները Քննարկեցին Իրենց Գրութիւններն Ու Հրատարակուած Առաջին Աշխատանքը

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները ուրբաթ, 28 ապրիլ 2023-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ ունեցան իրենց շաբաթական ընթացիկ հանդիպումը: Հանդիպումը եղաւ առիթ մը նոյն օրուան «Ազդակ»-ի թիւով լոյս տեսած իրենց յօդուածները, գրութիւնները եւ առաջին աշխատանքները քննարկելու: Ապագայ լրագրողները գոհունակութեան մթնոլորտի մը մէջ առարկայական կերպով քննարկեցին իրենց գրութիւնները, արտայայտեցին իրենց մտածումները` իրենց կատարած աշխատանքին մասին,...

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչման Հսկում Այնճարի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչման Հսկում Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, կիրակի, 23 ապրիլ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Հետուիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչման հսկում: Բացման խօսքը արտասանեց Լոռի Գաբրիէլեան, որ ըսաւ, թէ 24 ապրիլ 1915 թուականը հայ ժողովուրդի զաւակներուն սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ ակամայ փորագրուած անմոռանալի եւ անդարմանելի թուական մըն է, երբ հայ ժողովուրդը չարաչար տանջուեցաւ, տեղահան եղաւ, ջարդուեցաւ, աքսորուեցաւ... բայց...

«Ես Կը Վկայեմ Լիբանանի Նկատմամբ  Ձեր Սիրոյն Եւ Հաւատարմութեան, Որովհետեւ  Ապրած Էք Հայրենիքի Կորուստը, Հետեւաբար  Գիտէք Հայրենիքի Արժէքը»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

«Ես Կը Վկայեմ Լիբանանի Նկատմամբ Ձեր Սիրոյն Եւ Հաւատարմութեան, Որովհետեւ Ապրած Էք Հայրենիքի Կորուստը, Հետեւաբար Գիտէք Հայրենիքի Արժէքը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Պքերքէի Մէջ Հաւաքական Աղօթք Եւ Համերգ` Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակին Առիթով Հովանաւորութեամբ մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարք Պշարա Ռայիի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, մասնակցութեամբ հայ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներ` Կոմիտաս արք. Օհանեանի, Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ վեր. Նշան Պագալեանի, ներկայութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատայի, Հայաստանի դեսպանատան անձնակազմին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ներկայ եւ նախկին նախարարներու եւ երեսփոխաններու, պետական...

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչական Աշակերտական Հաւաք` Անթիլիասի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչական Աշակերտական Հաւաք` Անթիլիասի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի 1000 աշակերտներու, երեքշաբթի, 25 ապրիլի կէսօրէ առաջ ժամը 10-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած աշակերտական հաւաք` ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, վարչութեան անդամ Լիզա Պաստաճեանի, դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի, Ազգային Ուսումնական խորհուրդի անդամներու եւ մասնակից վարժարաններու...

Քայլարշաւ Հայաշէնէն Ժեհթաուի` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

Քայլարշաւ Հայաշէնէն Ժեհթաուի` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէներուն, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին եւ շրջանի ԼՕԽ-ի միաւորներուն, ապրիլ 24-ի առաւօտեան ժամը 8:30-ին պէյրութաբնակ հայերը համախմբուած էին Հայաշէնի ժողովրդային տան առջեւ, ուրկէ ընթացք առաւ քայլարշաւ մը դէպի Ժեհթաուի` հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան: Քայլարշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին` ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ`...

ՄԱՀԱԵՄ-ը Ոգեկոչեց Ապրիլեան Նահատակներու 108-Ամեակը

ՄԱՀԱԵՄ-ը Ոգեկոչեց Ապրիլեան Նահատակներու 108-Ամեակը

Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը (ՄԱՀԱԵՄ) ոգեկոչեց ապրիլեան նահատակներու 108-ամեակը առաւօտեան պաշտամունքով, երկուշաբթի, 24 ապրիլ 2023-ին, Նոր Ամանոսի Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ: Ժողովուրդին միացաւ պատուիրակութիւն մը` Զուիցերիայէն, ներկայացնելով Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիները եւ ՀԵՔՍ բարեսիրական կազմակերպութիւնը: Վեր. Ժիրայր Ղազարեան մատնանշելով օրուան ցաւագին իրականութիւնը` կարդաց սաղմոս 88-ը` իբրեւ հաւաքական ողբի արտայայտութիւն, եւ հրաւիրեց ներկաները, որ իրենց սրտերը Աստուծոյ առջեւ բանան,...

Ապրիլեան Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում ԼՕԽ-ի Մէջ

Ապրիլեան Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում ԼՕԽ-ի Մէջ

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբը շաբաթ, 22 ապրիլին առաւօտեան ժամը 10:30¬ին ոգեկոչեց յիշատակը Ապրիլեան նահատակներուն: Ձեռնարկը սկսաւ ՀՕՄ-ի քայլերգով: Դաստիարակչական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը արտասանեց Ազնիւ Միքայէլեան, որ ըսաւ, թէ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը տարիներու վրայ երկարող գործունէութեան ընթացքին դասախօսութիւններու ճամբով կը միտի տէր կանգնիլ մեր արժէքներուն, զարգացնել հայ կնոջ միտքը, քաղաքականացնել զայն, որպէսզի ունենանք առողջ եւ ազգային իրաւունքները...

Լոզանի 100-Ամեակին Ընդառաջ` Մասնագիտական Խորհրդակցութիւններ Անթիլիասի Մէջ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»-ի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ 22-24 ապրիլ 2023-ին տեղի ունեցան խորհրդակցական նիստեր` յատկացուած «Լոզանի 100-ամեակին ընդառաջ» թեմային: Տարեսկիզբին Արամ Ա. կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ կայացած հերթական  նիստերու ընթացքին ընդգծուած էր անհրաժեշտութիւնը Լոզանի պայմանագրին 100-ամեակին ընդառաջ նախապատրաստուելու` հիմնական երկու ուղղութիւն նկատի ունենալով. առաջին`  գտնել իրաւական այն ուղիները,...

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ Տարելից.  Լիբանանահայութիւնը Վերահաստատեց Պահանջատիրական Իր Կեցուածքը

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ Տարելից. Լիբանանահայութիւնը Վերահաստատեց Պահանջատիրական Իր Կեցուածքը

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեդրոնատեղիին` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կիրակի, 23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին ժողովրդային հաւաքով տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչումը` հոծ թիւով հայորդիներու եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ: Հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց ՀԵՀՈՄ-ի ատենապետ Սէրուժ Խանճիհանեան,...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի  Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

24 ապրիլին ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, դոկտ. Քրիստին Արզումանեան, Ճօ Զուլիքեան եւ Հրայր Գէորգեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի ընկերակցութեամբ այցելեց Պքերքէ, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին առջեւ: Արտասանուեցաւ հայերէն ու արաբերէն աղօթք` մասնակցութեամբ մարոնիներու պատրիարքի քարտուղար հայր Հատի Տաուի: Պատուիրակութիւնը ապա...

Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչում` Պուրճ Համուտի Մէջ Գտնուող Խաչքարին Առջեւ

Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչում` Պուրճ Համուտի Մէջ Գտնուող Խաչքարին Առջեւ

Երկուշաբթի, 24 ապրիլի երեկոյեան, Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին, Պուրճ Համուտի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հաստատուած խաչքարին դիմաց տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ եւ աւանդական ծաղկեպսակի զետեղում: Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեք յարանուանութիւններու, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, ՀՄԸՄ-ի, ԼՕԽ-ի, շրջանի թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, ներկայ ու...

Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբացեալ Նահատակներուն Նուիրուած Ս. Պատարագի Մատուցում Եւ Բարեխօսական Կարգ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբացեալ Նահատակներուն Նուիրուած Ս. Պատարագի Մատուցում Եւ Բարեխօսական Կարգ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով, երկուշաբթի, 24 ապրիլ 2023-ի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` Ցեղասպանութեան զոհ սրբացեալ նահատակներու յիշատակին, ձեռամբ մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեանի: Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցան` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն ու դեսպանատան անձնակազմը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամները, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները,...

Հսկումի Երեկոյ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշակոթողին Շուրջ

Հսկումի Երեկոյ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշակոթողին Շուրջ

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. պատրիարքին, կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան, կիրակի, 23 ապրիլ 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ հսկումի երեկոյ` հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Նահատակաց յուշակոթողին շուրջ, Ժեհթաուի: Նախքան յայտագրի պաշտօնական մեկնարկը` ցուցադրուեցաւ Հայաստանի պետական Հ1 կայանի` ուղարկած «Ինչո՞ւ է աղմկում անցեալը» փաստավաւերագրականը` նուիրուած Ցեղասպանութեան: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով, հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով,  հանդէս եկաւ...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակը

Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով, շաբաթ, 23 ապրիլ 2023-ի երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտական խմբապետական կազմերն ու ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը համախմբուեցան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ, ուր կատարուեցաւ մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին նուիրուած նախօրեակը: Ապա ներկաները ուղղուեցան յուշակոթող ու ծաղկեպսակներ զետեղեցինՆահատակաց յուշարձանին առջեւ` առ ի յարգանք նահատակներու անթառամ յիշատակին: Ապա Շրջանային սկաուտական խորհուրդի եւ խմբապետութեան անունով խօսք առաւ Լոռի Պիլալեան, որ...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Տարբեր Ձեռնարկներով Ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Տարբեր Ձեռնարկներով Ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակը

Կիրակի, 23 ապրիլի երեկոյեան պատանեկան բոլոր միութիւնները հաւաքուեցան Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին դիմաց, ուրկէ ընթացք առաւ ջահերթ մը դէպի Անթիլիասի մայրավանք: Ազգային յեղափոխական երգերու ընկերակցութեամբ, պատանիները շուրջ 45 վայրկեան ջահերով լուսաւորեցին ճամբան դէպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան եւ մասնակցեցան հոն կայացող Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչման երեկոյին: Յատկանշական էր, որ պահ մը ԼԵՄ-ականներուն ինքնաշարժներով երթը միացաւ ջահերթի շարքերուն եւ պատանիներն ու...

ԼԵՄ-ի Ապրիլեան Ոգեկոչումներ

ԼԵՄ-ի Ապրիլեան Ոգեկոչումներ

- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 21 ապրիլ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ռաուտայի «Էհլան» դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ եւ ջահակիր ԼԵՄ-կաններուն մասնակցութեամբ, ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի դաշտ: Քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Սեւան Պասմաճեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց. «Դաշնակցական երիտասարդներուն համար հողային եւ կամ այլ զիջումներ անընդունելի են: Պայմանները...

Կազմակերպութեամբ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հաստատութեան.  Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչում

Կազմակերպութեամբ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հաստատութեան. Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչում

«Ահա նորէն գարուն եկաւ. Օ՜, կտրեցէ՛ք, օ՜, կտրեցէ՛ք Լեզուները թռչունների, Որ չյանդգնեն երգել անհոգ Երգերն իրենց տարփանքների` Մեր մորթուած մանուկների Ցրիւ եղած նշխարների Փոշու վրայ, որոնց պիտի Ծածկեն անգութ ծաղիկները` Լի՜րբ, անզգայ...» ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ Իրաւացի է, որ տարագիր եւ բազմաչարչար ազգի ժառանգորդը ըլլալը կ՛ենթադրէ յարատեւ եւ անդադրում պայքար` հասնելու համար  գերագոյն նպատակին, իսկ հայ ազգի պարագային անիկա կրկնակի պայքար է,...

Page 89 of 365 1 … 88 89 90 … 365

Արխիւներ