Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Տարբեր Ձեռնարկներով Ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակը

April 26, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 23 ապրիլի երեկոյեան պատանեկան բոլոր միութիւնները հաւաքուեցան Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին դիմաց, ուրկէ ընթացք առաւ ջահերթ մը դէպի Անթիլիասի մայրավանք: Ազգային յեղափոխական երգերու ընկերակցութեամբ, պատանիները շուրջ 45 վայրկեան ջահերով լուսաւորեցին ճամբան դէպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան եւ մասնակցեցան հոն կայացող Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչման երեկոյին: Յատկանշական էր, որ պահ մը ԼԵՄ-ականներուն ինքնաշարժներով երթը միացաւ ջահերթի շարքերուն եւ պատանիներն ու ԼԵՄ-ականները մեծ ոգեւորութիւն ապրեցան` վերանորոգելով պայքարի ոգին:

Նշենք, որ նախքան ջահերթը` ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն անունով Մըզհերի «Աղբալեան» պատանեկան միութենէն խումբ մը պատանիներ ծաղկեպսակ զետեղեցին Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանին դիմաց` առ ի յարգանք Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:

Հայոց ցեղասպանութեան տարբեր ձեռնարկներ կազմակերպած էին նաեւ միութիւնները առանձնաբար: Այսպէս, կիրակի, 24 ապրիլին Այնճարի «Յառաջ» պատանեկան միութիւնը մասնակեցաւ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կազմակերպած ոգեկոչման երեկոյին: Շաբաթ, 23 ապրիլին, Թրիփոլի շրջանի «Արշակ Ջամալեան» պատանեկան միութեան պատանիները ձեռայինով, դաստիարակչական ծրագիրով, երթով, աղօթքով եւ երգերով վերանորոգեցին պայքարը շարունակելու ուխտը:

«Սերոբ Աղբիւր» ակումբին մէջ Թրատի «Զաւարեան» պատանեկան միութեան պատանիները մասնակցեցան ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի մոմավառութեան աշխատանքներուն, իսկ Ամանոսի «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան պատանիները մոմերով երթ մը կատարեցին Ամանոսի եւ Մար Եուսեֆի շրջաններուն մէջ: Երթին միացան ծխատէր քահանայ հայրերը եւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ու Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ներկայացուցիչները:

Ուրբաթ, 21 ապրիլին Ֆանարի «Արմէն Գարօ» պատանեկան միութեան պատանիները մասնակցեցան ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած պահանջատիրական հաւաքին:

Նախաձեռնութիւններ կատարուեցաւ նաեւ ընկերային ցանցերուն վրայ: Արագածի «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութեան պատանիները տեսերիզներ պատրաստած էին ոգեկոչելու համար ապրիլեան նահատակներու յիշատակը: Մէկ տեսերիզին մէջ երէց պատանիները շեփորի, դաշնամուրի եւ երգեհոնի վրայ առաձնաբար կը նուագեն «Զարթի՛ր, լաօ», «Կիլիկիա» մաղթերգը, «Կռունկ, փառք տաս», «Կռունկ» եւ «Ատանայի ողբերգ»-էն հատուածներ, իսկ կրտսեր պատանիները կ՛արտասանեն Վ. Թէքէեանի «Պիտի իյնաս» քերթուածը:

Բնականաբար իւրաքանչիւր միութիւն պատրաստած էր նաեւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման պատի թերթեր:

Նախորդը

ԼԵՄ-ի Ապրիլեան Ոգեկոչումներ

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.