Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակը

Ապրիլ 26, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով, շաբաթ, 23 ապրիլ 2023-ի երեկոյեան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտական խմբապետական կազմերն ու ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը համախմբուեցան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ, ուր կատարուեցաւ մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին նուիրուած նախօրեակը:

Ապա ներկաները ուղղուեցան յուշակոթող ու ծաղկեպսակներ զետեղեցինՆահատակաց յուշարձանին առջեւ` առ ի յարգանք նահատակներու անթառամ յիշատակին:

Ապա Շրջանային սկաուտական խորհուրդի եւ խմբապետութեան անունով խօսք առաւ Լոռի Պիլալեան, որ դիտել տուաւ, թէ ՀՄԸՄ-ին համար աւանդութեան վերածուած այս հաւաքը առիթ է խոնարհելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած մեր նախնիներու կրած տառապանքին, անասելի ցաւին, ապրած դժոխային կեանքին, հայու իսկական կերտուածքին, քրիստոնէական հաւատքին, համոզումին եւ հայրենասէրի ոգիին առջեւ: Ան շեշտեց, որ այս արարողութիւնը մէկ կողմէ  դաստիարակութեան արտայայտութիւնն է, միւս կողմէ` անիկա հաշուետուութեան եւ  ինքնագիտակցութեան գալու պահ է, ՀՄԸՄ-ականի սրբազան ուխտն ու հաւատամքը վերանորոգելու, իբրեւ ՀՄԸՄ-ականներ` տրուած երդումին տէր ըլլալու, ազգային ու մարդկային արժէքներով ապրելու, Հայ դատի  աշխատանքներուն մասնակից դառնալու, մեր ինքնութեան եւ արժանապատուութեան հաւատարիմ մնալու, հայու տեսակին կառչելու, Արեւմտահայաստանին ու Արցախին վերատիրանալու երազը հետապնդելու կոչ:  «Իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգի մը ժառանգորդներ` պարտաւոր ենք, անհատական թէ հաւաքական կեանքի մէջ, ցոյց տալու ՀՄԸՄ-ականի գաղափարական աշխարհին վայել գործ ու նուիրում, ինչպէս նաեւ` հայօրէն ապրելու եւ նուիրուելու յանձնառութիւն», շեշտեց Պիլալեան:

Անդրադառնալով 108 տարիներ առաջ հայութեան ենթարկուած ահաւոր սպանդին` ան դիտել տուաւ, որ սփիւռք դարձած հայը այսօր կը շարունակէ իր պայքարը` հայապահպանումի, հաւաքական յիշողութեան,  Հայ դատի թէ հայոց պետականութեան ամրապնդումի, իսկ նախորդ տարիներուն քաղաքական ու զինուորական զարգացումները նոր կացութեան դէմ յանդիման դրին հայութիւնը, որ դարձեալ կը գտնուի թուրքի եաթաղանին սպառնալիքին տակ:

«Իբրեւ սկաուտներ եւ հայ ժողովուրդի հարազատ ժառանգորդներ` եկած ենք այստեղ վերանորոգելու մեր երդումը, յիշելու եւ յիշեցնելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, պահանջելու եւ պայքարի ոգիով զինուած` նետուելու մարտի դաշտ, յանուն ազգային արդար իրաւունքի պաշտպանութեան եւ սրբազան Արարատի վերատիրացման:

«Հայ ժողովուրդի, Հայաստանի ու Արցախի ծառայութեան կոչուած ՀՄԸՄ-ական քոյրն ու եղբայրը իր հայեցի դաստիարակութեամբ եւ ազգային բարձր գիտակցութեամբ միշտ ալ պատրաստ է իր քրտինքը, ի հարկին արիւնը շաղախելու հայրենի հողին, որպէսզի սրբադասուած նահատակներու արեան կանչն ու կտակը մնան լուսաշող ու պայծառ` մեր մտքին ու հոգիին մէջ:

«Մենք տէրն ենք ՀՄԸՄ-ականի մեր երդումին: Մենք հաւատացողն ենք մեր հիմնադիրներու երազին, մենք ժառանգորդն ենք ՀՄԸՄ-ական նահատակ եղբայրներու արեան կանչին», եզրափակեց Լորի Պիլալեան:

Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան ուղղեց իր պատգամը` նշելով. «Նոյնիսկ եթէ չարը` թուրքը, մեզ գերեզման դնէ, մենք գերեզմանին մէջ չենք մնար, այլ դուրս կու գանք յարութիւն եւ նոր կեանք առած, որովհետեւ մենք մահուան չենք դատապարտուիր: Մեր այսօրուան սիրտը խոցուած է Արցախի հայութեամբ եւ Արցախի սուրբ հողի կաշկանդումով ու բռնագրաւումով»:

«Սիրելի՛ ՀՄԸՄ-ականներ, դո՛ւք երբ բոլորդ ձեր աջ ձեռքը վեր կը բարձրացնէք իբրեւ պատուի եւ յարգանքի արտայայտութիւն, այդ ձեռքը մնայուն կերպով բարձր պահեցէք, որովհետեւ այդ բազուկը թէեւ մերն է, սակայն արիւնը` մեր սուրբ  նահատակներուն: Մեր երակներէն  մեր նահատակներուն արիւնը կը հոսի, ուստի մեզի արտօնելի չէ, որ մեր բազուկները գետին ձգենք ու խոնարհինք: Սիրելի՛ ՀՄԸՄ-ականներ, թշնամին կ՛ուզէ տեսնել, որ մենք յուսահատած ենք, որ` պառակտուած ենք, յանձնուած ենք, սակայն մեզի չի վայելեր յանձնուիլ, յուսահատիլ, ըսել, թէ Հայ դատը վերջացած է», ըսաւ հայր Պարոյր` շեշտելով, որ Հայ դատը ամէնօրեայ դրութեամբ կը վերանորոգուի եւ մեզ ազգովին կը հրաւիրէ նոր մարտահրաւէրները նոր ձեւով ու յաւելեալ կորովով դիմագրաւելու, որպէսզի թուրքն ու ազերին լաւապէս գիտնան, որ յարութիւն առած հայութեան զաւակները տակաւին յանձնառու են իրենց դատին ու իրաւունքներու հետապնդման:

«Յառա՛ջ նահատակ» քայլերգի եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութենէն ետք, ներկաները մոմեր զետեղեցին ու վերանորոգեցին իրենց ուխտը` միշտ վառ պահելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը եւ հաւատարիմ մնալու նահատակներու կտակին:

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Տարբեր Ձեռնարկներով Ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակը

Յաջորդը

Հսկումի Երեկոյ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշակոթողին Շուրջ

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?