«Ահա նորէն գարուն եկաւ.
Օ՜, կտրեցէ՛ք, օ՜, կտրեցէ՛ք
Լեզուները թռչունների,
Որ չյանդգնեն երգել անհոգ
Երգերն իրենց տարփանքների`
Մեր մորթուած մանուկների
Ցրիւ եղած նշխարների
Փոշու վրայ, որոնց պիտի
Ծածկեն անգութ ծաղիկները`
Լի՜րբ, անզգայ…»
ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ
Իրաւացի է, որ տարագիր եւ բազմաչարչար ազգի ժառանգորդը ըլլալը կ՛ենթադրէ յարատեւ եւ անդադրում պայքար` հասնելու համար գերագոյն նպատակին, իսկ հայ ազգի պարագային անիկա կրկնակի պայքար է, որովհետեւ սփիւռքի մէջ միայն դատի մը, ցեղասպանութեան դատապարտում չէ, որ կը պահանջենք, այլ հայապահպանման, հայոց լեզուն անաղարտ պահելու եւ մեր հայ ինքնութիւնը պահելու ամէնօրեայ անդուլ պայքար կը մղենք: 20-րդ դարու համաշխարհային պատմութեան եւ ի մասնաւորի հայոց պատմութեան էջերը մրոտած Թուրքիոյ կառավարութիւնը պետական մակարդակով ծրագրեց բնաջնջել ամբողջ հայ ազգը, տեղահանութեան ենթարկեց Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան նահանգներու հայ բնակչութիւնը եւ ի վերջոյ արիւնարբու ձեռքերով կազմակերպեց մարդկութեան պատմութեան մէջ աննկարագրելի Ցեղասպանութիւնը` իր ետին ձգելով մէկուկէս միլիոն անթաղ զոհեր, հազարաւոր անմեղ որբեր, անտուն ընտանիքներ, հոգեկան խանգարուած մարդիկ. սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, որ թուրքերը չկրցան վերապրողներուն յիշողութենէն սրբել այս վատագոյն արարքը, չկրցան չքացնել հայու պայքարող ու աննահանջ ոգին: Այստեղ պէտք է ընդգծել, որ Մեծ եղեռնը, իբրեւ աննախադէպ իրադարձութիւն եւ, ի դէպ, մեծ պետութիւններու լուռ քաղաքականութիւնը, հրէական Ողջակիզումին հետ մէկտեղ, աշխարհի մէջ ամէնէն շատ ուսումնասիրուած ցեղասպանութիւնն է:
Սերունդներու մտահորիզոնին եւ հայու առօրեայ գոյատեւման պայքարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ յիշատակը վերաթարմացնելու եւ սրբադասուած հայ զոհերու յիշատակը վառ պահելու միտումով «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը ոգեկոչման հանդիսութիւն մը կազմակերպեց հինգշաբթի, 20 ապրիլ 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք օրուան պատշաճ բացման խօսքը կատարեց «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան – Սարգիսեան: Ան նշեց, որ այսօրուան ձեռնարկը կը միտի միասին ըլլալ` գոյատեւելու եւ նոր ապագայ կերտելու համար: Անդրադառնալով օրուան խորհուրդին` ան նշեց, որ բոլորս զաւակներն ենք Մեծ եղեռնէն, ջարդէն, անապատներէն քալած, Լիբանան-Սուրիա հասած մեր նախահայրերուն: Մենք մեր երակներուն ու ջիղերուն մէջ ունինք ջարդի արհաւիրքը, վախը: Ան խօսեցաւ ներկայիս մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին եւ զուգահեռներ գծեց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու կեանքին եւ այն մասին, թէ վերջիններս տեղահանութենէն ու գաղթէն ետք ինչպիսի` ծանր պայմաններու եւ թիթեղաշէն տուներու մէջ ապրեցան, զաւակներ դաստիարակեցին եւ մեզ հայ պահեցին: Քրիստին Դանիէլեան- Սարգիսեան մատնանշեց ներկայ կարգ մը ծնողներու անփոյթ վերաբերումը հայոց լեզուին նկատմամբ եւ հաստատեց, որ հայերէնը միայն լեզու չէ, ան մշակոյթ է եւ մեր առօրեան: Եթէ մենք չկարենանք զայն պահել, մեր զաւակներուն փոխանցել, ապա մէկ դարու աշխատանքը պիտի գերեզմանուի: Ան կոչ ուղղեց պահանջատիրական ջահը միշտ վառ պահել, մանաւանդ` ներկայիս արհեստագիտական սրընթաց զարգացման շրջանին, մեր ընտանեկան արժէքները պահելու կոչուած են բոլոր հայ մայրերը:
Իր խօսքին վերջին բաժինով ան յայտնեց, որ «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը հիմնուած է նոյնինքն ջարդէն ճողոպրած Վարդան Ճինիշեանի կողմէ, որ Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ ետք կը ճգնի եւ իր հարստութիւնը կ՛ապահովէ: Իր մահէն առաջ ան կը մտաբերէ իր ծնողքը, որոնք ջարդէն վերապրած են, հասած` Լիբանան, ապա` Միացեալ Նահանգներ: Ան կտակ կը ձգէ իր ամբողջ հարստութիւնը յատկացնել հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Ասիկա պիտի չըլլար, եթէ իր ծնողները ջարդ տեսած, տեղահան եղած եւ վերապրած չըլլային: Իւրաքանչիւր բարեսիրական հաստատութիւն իր պատմութիւնը ունի, որ մեր նախահայրերու արիւնով, արցունքով եւ յոյսերով մէջտեղ եկած է: Մեր պարտականութիւնն է ամէն առիթի ոգեկոչել, միասին աւելի զօրանալ եւ մեր հաստատութիւնները բաց պահել մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար:
Օրուան պատգամը յղեց «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Ան ըսաւ, որ դժուար է Հայոց ցեղասպանութեան խորհուրդը փոխանցել մարդոց, որոնք ազգային մեր հաստատութիւններուն մէջն են, շուրջ են եւ գիտեն Ապրիլ 24-ի իմաստը եւ թելադրականութիւնը: Ապրիլ 24-ի խորհուրդով հաղորդուելու կարիքը ունին հայ իրականութենէն բացակայողները, որոնց թիւը օրէ օր կը մեծնայ դժբախտաբար:
Վիգէն Աւագեան նշեց, որ Ապրիլ 24-ին սովորական դէպք մը կամ պատմական իրողութիւն չենք ոգեկոչեր, այլ ամբողջ ժողովուրդի մը Ցեղասպանութիւնը, հայրենիքին կորուստը եւ քաղաքակրթութեան հասած ահաւոր կորուստը կը յիշենք: Հակառակ 108 տարիներու` մենք տակաւին չենք մոռցած Ցեղասպանութիւնը, չենք հաշտուած կատարուածին հետ եւ չենք ներած թշնամիին, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը անցեալին կատարուած իրողութիւն մը չէ, ան ամէն օր շարունակուող փաստ մըն է, որուն հետեւանքները կը կրենք բոլորս:
Վիգէն Աւագեան յայտնեց, որ անցնող 108 տարիներուն հայութիւնը ունեցաւ երեք թշնամի` թուրքը, ազերին եւ մեզ բոլորս հալածող աներեւոյթ թշնամին` ձուլումը, անտարբերութիւնը, կրաւորականութիւնը: Ան ըսաւ, որ նահատակուած եւ սրբադասուած մեր մէկուկէս միլիոն զոհերը այսօր արդարօրէն հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ թափեցին իրենց արիւնը, որպէսզի այսօրուան սերունդը այլասերի ու ձուլուի՞, տկարանայ եւ թուրքին դիմաց տեղի՞ տայ, դասալիք ըլլայ ու հայրենի՞ք յանձնէ, բանակ եւ պետութի՞ւն քանդէ, 30 տարուան համահայկական իրագործումնե՞ր փճացնէ: Վիգէն Աւագեան շեշտեց, որ ապրիլեան ամէն ոգեկոչում մեզի կը թելադրէ հաւատարիմ մնալ մեր հաւատքին եւ ինքնութեան, հայրենիքին եւ դարաւոր պատմութեան, մեր Դատին եւ պահանջատիրութեան: Հարցը գետին իյնալը չէ, ըսաւ ան, որքան` գետին իյնալէ ետք չվերականգնիլը, գետին չմնալու կամքն ու գիտակցութիւնը:
Պատգամախօս Վիգէն Աւագեան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով, թէ վա՜յ մեզի, եթէ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումէ ոգեկոչում քայլ մը առջեւ չերթանք մեր պահանջատիրութեան եւ Դատին մէջ, զօրաւոր եւ միասնակամ հայութիւն ունենալու, ամբողջական եւ հզօր հայրենիք կերտելու մեր նպատակին իրագործման ճամբուն վրայ, որովհետեւ այդ պարագային լրջօրէն մտահոգուելու պատճառ կ՛ունենանք մեր եւ գալիք սերունդներու ապագայով:
Այնուհետեւ գեղարուեստական յայտագիրով մեներգեց Լոռի Կիւլիւմեան «Տլէ եաման» եւ «Ա՜խ տունս, տունս» երգերը` սրինգի ընկերակցութեամբ Սէրլի Նեմշեհիրլեանի, ապա Գէորգ Քէշիշեան տուտուկով եւ Մարիա Եագուպեան-Քէշիշեան քանոնով ներկայացուցին «Արի՛ իմ սոխակ» եւ «Տէ՛ր, ողորմեա» երգերու երաժշտութիւնը:
Յայտագիրը փակուեցաւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ հոգեւորականներէն Վարդան վարդապետի «Տէրունական աղօթք»-ով եւ «Պահպանիչ»-ով:
«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկին կողմէ կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման այս հանդիսութիւնը արթնութեան կոչ ուղղեց ներկաներուն` ամրօրէն կառչելու նահատակներու սուրբ կտակին եւ շարունակելու իրենց նուիրական երթը: