Գաղութային

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչում Լէյլաւանի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչում Լէյլաւանի Մէջ

Շաբաթ,  22 ապրիլ 2023-ի երեկոյեան Լէյլաւան-Ֆանարի մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի նուիրուած պահանջատիրական ձեռնարկ: Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ,   ժողովրդային ջահերթով, որուն մասնակիցները Լէյլաւանի Ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց ծաղկեպսակներ եւ ծաղիկներ զետեղեցին եւ յոտնկայս յարգեցին մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արշալոյս Էլէյճեան, որ ըսաւ. «Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը խթան է...

Մեսրոպեան Վարժարան. Ոգեկոչում Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն

Մեսրոպեան Վարժարան. Ոգեկոչում Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն

Հինգշաբթի, 20 Ապրիլ 2023-ի առաւօտուն Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակին նուիրուած ոգեկոչական ձեռնարկ մը, որուն մասնակցեցան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու աշակերտները, ինչպէս նաեւ ուսուցչական եւ տեսչական կազմերը վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի գլխաւորութեամբ: Աշակերտները ներկայացած էին Հայաստանի, Արցախի եւ Կիլիկեան թագաւորութեան դրօշներով եւ բարձրացուցած էին Եղեռնի զոհերուն յիշատակը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը նշող պաստառներ: Ներկայ էին Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ պատասխանատու հոգեւոր...

Աշակերտական Ունկնդրութիւններ`  Համազգայինի «Լեւոն Շանթ»  Մշակութային Կեդրոնին Մէջ

Աշակերտական Ունկնդրութիւններ` Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Մշակութային Կեդրոնին Մէջ

Մարտ ամիսէն սկսեալ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ ընթացք առաւ աշակերտական ունկնդրութիւնը, շաբաթական երկու անգամ դրութեամբ` երեքշաբթի եւ հինգշաբթի, մասնակցութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտներուն: Ծրագիրը իր աւարտին կը հասնի 27 ապրիլին: Այս ծրագիրի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար «Ազդակ» զրոյց ունեցաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեանի հետ: Հարպոյեան ըսաւ, որ աշակերտական ունկնդրութիւնը աւանդութիւն դարձած ծրագիր մըն է,...

Աշակերտական Գեղարուեստական Երեկոյ`  «Մենք Ենք Մեր Արցախի Գարունը»

Աշակերտական Գեղարուեստական Երեկոյ` «Մենք Ենք Մեր Արցախի Գարունը»

Չորեքշաբթի, 5 ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի նախակրթարանէն մինչեւ երկրորդական կարգերու աշակերտները ծաղկեցուցին արցախեան գարունը` գեղարուեստական նրբաճաշակ համադրութեամբ` երգով, պարով ու ասմունքով: Հանդիսութեան ներկայ էին Վարուժան արք. Հերկելեան, Այնճարի քաղաքապետը, Թեմի ազգային վարչութեան ներկայացուցիչը, ազգային երեսփոխանը, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, վարժարանի խնամակալութիւնն ու...

Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութիւնը`  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ

Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութիւնը` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը 27 մարտ 2023-ին հիւրընկալեց Ֆրեզնոյէն ժամանած Հայ բժշկական առաքելութիւնը` նախագահութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի: Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տարիներ շարունակ իր մատուցած բժշկական խնամքին ու անշահախնդիր նուիրումին զուգահեռ, մարտ 2022-ին այցելած էր Լիբանան եւ իր բարոյական թէ նիւթական աջակցութիւնը ցուցաբերած` գաղութի հայորդիներուն: Շարունակելով...

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 16 ապրիլին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէքի արարողութիւն: Պատարագը մատուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Օշին վրդ. Չուալերթանեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին սկիզբը հայր սուրբը իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, որ իրեն այս գեղեցիկ պարտականութիւնը յանձնած է` ներկայ գտնուելու եւ մասնակից դառնալու Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տօնին:...

Ընկերական Հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի  Ներկայացուցիչին Հետ

Ընկերական Հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչին Հետ

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, չորեքշաբթի, 13 ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  ընկերական հանդիպում մը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ: Հանդիպումին մասնակցեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Բիւրոյի եւ Կեդրոնական կոմիտէի նախկին ընկերներ, Լիբանանի բոլոր կոմիտէներու կազմերը,...

«Բագին»-ը` Վաթսունամեայ Յանձնառութեամբ  Ու Նոր Նախաձեռնութեամբ

Հաղորդագրութիւն. «Բագին»-ի Գրական Ժառանգութիւնը` Թուայնացած ու Առցանց Հասանելի

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պաշտօնաթերթ «Բագին» գրական գեղարուեստական հանդէսը իր 60-ամեակը կը բոլորէ դարու պահանջներուն գոհացում տալով եւ իր ամբողջական գրական արխիւը թուայնացնելով: Աւելի՛ն. «Բագին»-ի աւելի քան քառասուն հազար թուայնացած էջերը տեղադրուած են «Բագին»-ի նորաստեղծ www.pakine.net կայքէջին վրայ` լիովին որոնելի համակարգով: Մինչեւ 2021 թուական «Բագին»-ի իւրաքանչիւր հրապարակուած թիւ, հրատարակութեան զուգահեռ, pdf ներբեռնելի տարբերակով կը տեղադրուէր Համազգայինի պաշտօնական մայր...

Արեւային Վահանակներու Բացման Արարողութիւն

Արեւային Վահանակներու Բացման Արարողութիւն

Հովանաւորութեամբ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին, կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին եւ ներդրումով Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութեան, ուրբաթ, 31 մարտ 2023-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ կեդրոնի արեւային վահանակներու բացման արարողութիւնը: Ներկայ էին` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորոթի Շէյ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական...

«Յարութեան Հաւատքով Շաղախենք Մեր Կեանքը»  Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Յարութեան Հաւատքով Շաղախենք Մեր Կեանքը» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ս. Յարութեան Հրաշափառ Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կիրակի, 9 ապրիլ 2023-ի առաւօտուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանք հաւաքուած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը` տօնելու մեր Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ զատկական հայրապետական ս. պատարագ, որուն ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս յղեց իր հայրապետական պատգամը: Կաթողիկոսին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս...

«Վա՛յ Անոր, Որ Դժուարութեան Պահերուն Չի Լսեր Տիրոջ Խաղաղեցնող, Յուսադրող Ու Ոգեւորող Ձայնը». Շահէ Արք. Փանոսեան

«Վա՛յ Անոր, Որ Դժուարութեան Պահերուն Չի Լսեր Տիրոջ Խաղաղեցնող, Յուսադրող Ու Ոգեւորող Ձայնը». Շահէ Արք. Փանոսեան

Ս. Յարութեան Տօնը Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Ս. Յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 9 ապրիլ 2023-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ սրբազան հայրը յայտնեց, որ այսօր մեր եկեղեցին մեզ կը համախմբէ իր ծոցին մէջ, որպէսզի Յարութեան աւետիսը մեզի յայտնելով...

Աւագ Շաբաթը Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի Եկեղեցիներուն Մէջ

Աւագ Շաբաթը Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի Եկեղեցիներուն Մէջ

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան Աւագ շաբթուան արարողութիւններուն նախագահեց Լիբանանի տարբեր եկեղեցիներուն մէջ: Արդարեւ, հինգշաբթի, 6 ապրիլ 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն: Արդարեւ, Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: «Ով, որ իր անձը կը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի, եւ ով, որ իր անձը...

Աւագ Շաբաթը Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

Աւագ Շաբաթը Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

6 ապրիլ 2023-ի երեկոյեան Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիսապետեց ոտնլուայի կարգին` հետեւելով մեր Փրկիչին օրինակին: Ղենջակը մէջքին ծունկի գալով` կաթողիկոսը Քրիստոսի 12 առաքեալները խորհրդանշող միաբան հայրերուն եւ դպրեվանքի սաներուն ոտքերը լուաց ` իբրեւ Քրիստոսի խոնարհութեան եւ ծառայական սիրոյ արտայայտութիւն: Այս առիթով արտասանած իր պատգամին մէջ վեհափառը անդրադարձաւ սիրոյ ծառայութեան, ընդգծեց քրիստոնէութեան հասկացողութեան մէջ...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  «Ռազմիկ Ճուլֆայեան» Փինկ-Փոնկի Սրահի Բացում

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. «Ռազմիկ Ճուլֆայեան» Փինկ-Փոնկի Սրահի Բացում

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, նախագահութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, չորեքշաբթի, 5 ապրիլ 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ռազմիկ Ճուլֆայեան» փինկ-փոնկի սրահի բացման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին` սրբազան հօր ներկայացուցիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, Ազգ. վարչութեան Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներ, բարերար Ռազմիկ Ճուլֆայեան, վարժարանին խնամակալութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի անդամներ, տնօրէնութիւն, ուսուցչական...

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Աշակերտներու Ոտնլուայ

«Զուարթնոց» Կեդրոնի Աշակերտներու Ոտնլուայ

Remove featured image Չորեքշաբթի, 5 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ոտնլուայի արարողութիւն` «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնի աշակերտներուն համար, ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի: Սրբազան հայրը այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ երբ Քրիստոս Վերջին ընթրիքի պահուն բոլորովին անակնկալօրէն ոտքի ելաւ եւ իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց` իր այս իւրայատուկ արարքը եզրակացուց պարզ...

Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան  Այցելութիւնը «Զուարթնոց» Կեդրոն

Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան Այցելութիւնը «Զուարթնոց» Կեդրոն

«Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնը մեծ ուրախութեամբ ընդունեց Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանը, Լիբանան այցելութեան ժամանակ, ընկերակցութեամբ  Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեանին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Ֆրեզնոյէն եկած բժիշկներ եւ կամաւորներ: Առաքելութիւնը ընդունուեցաւ կեդրոնի տնօրէն, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեանի կողմէ: Պատուիրակութիւնը շրջեցաւ կեդրոնի զանազան բաժանմունքներուն մէջ, ականատես եղաւ կատարուող...

Ֆրեզնոյէն Ժամանած Բժիշկները Դպրեվանք Այցելեցին

Ֆրեզնոյէն Ժամանած Բժիշկները Դպրեվանք Այցելեցին

Երկուշաբթի, 3 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, Ֆրեզնոյէն ժամանած հայ բժիշկներու պատուիրակութիւնը Դպրեվանք այցելեց։ Այս առիթ ընծայեց, որ բժիշկները թէ՛ մօտէն ծանօթանան Դպրեվանքի առաքելութեան ու առօրեային եւ թէ բժշկական ընդհանուր քննութեան ենթարկեն դպրեվանեցիները։ Օրուան աւարտին, անոնք դարձան Դպրեվանքի մեծ ընտանիքին սեղանակից: Ընթրիքի ընթացքին, Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան գնահատեց բժիշկներուն առաքելութիւնը, ըսելով՝ «Այս նուիրեալ բժիշկները հեռաւոր ափերէն եկած են Լիբանան,...

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեցին  Երեք Կուսակցութեանց Ներկայացուցիչները

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեցին Երեք Կուսակցութեանց Ներկայացուցիչները

Երեքշաբթի, 4 ապրիլ 2023-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեցին Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ), Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) ներկայացուցիչները: Հանդիպման գլխաւոր նիւթը 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումն էր: Յայտնենք, որ այս տարի երկու հիմնական նախաձեռնութիւններ պիտի ներառէ ապրիլեան ոգեկոչումը. ա) 23 ապրիլի երեկոյեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ժողովրդային հաւաք: բ) 24 ապրիլի առաւօտեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր...

ՋԱՀ. «Արցախի Կոթողներ» Շրջուն Ցուցահանդէսը Կը Շարունակէ Շրջիլ Լիբանանահայ Տարբեր Վարժարաններ

ՋԱՀ. «Արցախի Կոթողներ» Շրջուն Ցուցահանդէսը Կը Շարունակէ Շրջիլ Լիբանանահայ Տարբեր Վարժարաններ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, լիբանանահայ տարբեր վարժարաններու մէջ տեղի կ՛ունենայ արցախեան ձեռնարկ, որուն ընթացքին կը ներկայացուի «Արցախի կոթողներ» շրջուն ցուցահանդէսը, կը կատարուի Արցախի ներկայ շրջափակումին մասին զեկոյց, եւ տեսերիզ մը կը ցուցադրուի Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան մասին, որ կը ներկայացնէ «Արցախ մոնումընթց» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Արմինէ Հայրապետեանը: Հինգշաբթի, 23 փետրուարին Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի մէջ տեղի ունեցաւ...

Տասը Կուսանաց Յիշատակում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Տասը Կուսանաց Յիշատակում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Աւագ երեքշաբթի, 4 ապրիլ 2023-ի երեկոյեան Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն ընթացքին յիշատակուեցաւ տասը կոյսերու առակը, որ ծանօթ է Տասն Կուսանաց անուանումով: Աւանդութեան համաձայն, արարողութեան ընթացքին տասը կոյսերը կազմեցին մայրավանքի կիրակնօրեայ դպրոցէն տասը աշակերտուհիներ: Արարողութեան աւարտին անոնք բարձրացան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին մօտ` ստանալու համար անոր հայրական օրհնութիւնը: Աշակերտները առաջնորդուեցան փոխլուսարարապետ Օշին...

Page 90 of 365 1 … 89 90 91 … 365

Արխիւներ