Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Նշում Զահլէի Հայ Կեդրոնին Մէջ

Մայիս 3, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին, ուրբաթ, 28 ապրիլ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զահլէի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչում:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, ապա «Արամ» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Խաժակ Բալուլեան, որ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքին, հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործուած անմարդկայնութեան` դիտել տալով, որ, հակառակ այդ բոլորին, հայութիւնը կրցաւ վերապրիլ, սփիւռք կերտել, Լիբանանի մէջ տարածուիլ, կազմաւորուիլ իբրեւ յարգուած, իր իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները ունեցող գաղութ:

Ապա ան խօսեցաւ շրջափակուած Արցախի մասին, որ կրկին անմարդկային մեծ տագնապներու դէմ յանդիման կանգնած է, իսկ ամբողջ աշխարհը անգամ մը եւս կը դիտէ ժողովուրդի մը մղձաւանջը առանց գործնական քայլերու դիմելու: Խ. Բալուլեան շեշտեց, որ բացարձակապէս անընդունելի է իր հողերուն վրայ ապրող ու մարտնչող արցախահայութիւնը անջատել Հայաստանէն ու աշխարհէն, զրկել զայն իր մարդկային տարրական իրաւունքներէն` սնունդ, դեղորայք, առողջական խնամք, հիւանդանոցային ծառայութիւններ, ելեկտրականութեան եւ կազ: Բայց եւ այնպէս ան շեշտեց, որ ամբողջ հայ ժողովուրդը Արցախի կողքին է, հպարտ է, հակառակ ամէն դժուարութեանց, գոյատեւող իր հայրենակիցներով եւ կը հաւատայ, որ հայութեան երկինքը մթագնած ամպերը միասնական ճիգերով կարելի է փարատել եւ կրկին դիմաւորել արշալոյսը:

Գեղարուեստական բաժինով Հերոս Բալուլեան ընդհանուր պատմականը ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան, ապա Սերա եւ Հերա Առաքելեաններ ասմունքեցին, իսկ Սէրլի Բալուլեան երգով հանդէս եկաւ:

Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան, որ շեշտեց, թէ Հայոց  ցեղասպանութենէն 108 տարիներ ետք, երբ մարդկութեան դէմ կատարուած այս ոճիրին իսկութիւնը ճանչցած են աշխարհի մեծաթիւ պետութիւններ, այս սպանդին ծրագրողն ու զայն գործադրողը` Թուրքիան, ոչ միայն կը շարունակէ ուրանալ իր կատարած յանցագործութիւնը, այլ կը շարունակէ իր թշնամական քաղաքականութիւնը    ընդդէմ հայութեան: Արդարեւ, սեպտեմբեր 2020-ին` Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, որ շղթայազերծուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ, Թուրքիա իր մեծ ու ազդու դերակատարութիւնը ունեցաւ տարբեր ձեւերով:

Ա. Կիտանեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնը, ցաւ ի սիրտ, այս կամ այն ձեւով մեղսակից կը դառնան 108 տարի առաջ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութեան նպատակներու իրականացման, որովհետեւ այսօրուան իշխանաւորները արցախեան օրակարգով արդէն ձեռնածալ կը մնան, գործնական առումով ոչինչ կ՛ընեն ի նպաստ Արցախին, կը բաւարարուին քանի մը յայտարարութիւններով: Աւելի՛ն, անոնք, հակառակ թրքական շարունակուող թշնամական մօտեցումներուն ու արարքներուն, կը փորձեն բարի դրացնութեան կապերուն զարկ տալ` ներկայ Հայաստանի սահմաններէն ալ զիջումներ կատարելով:

Բանախօսը շեշտեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ոչ մէկ ատեն դէմ եղած է Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն, սակայն ատիկա պէտք է ըլլայ առանց նախապայմաններու, զիջումներու եւ յանձնուողական քայլերու: Աւետիս Կիտանեան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ այս փուլին Դաշնակցութեան կեցուածքները, արտայայտութիւններն ու մօտեցումները կրնան բաւարար չըլլալ այս պայմաններուն մէջ, ուստի կուսակցութիւնը կրնայ ստիպուած ըլլալ Դաշնակցութեան յարիր ոճով ու իրեն սովոր ձեւերով հետապնդել այս հարցը` ի խնդիր Հայաստանին ու Արցախին:

Ձեռնարկը փակուեցաւ հայր Ալիշան Աբարթեանի «Պահպանիչ»-ով:

Նախորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը «Հրամանատար Ասպետ»-ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Իրաւաբան Արսէն Դանիէլեանը

Յաջորդը

Հաքիմի Շատ Հաւանաբար Տեղափոխուի Անգլիա

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?