Ապագայ Լրագրողները Այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք
«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները ուրբաթ, 19 մայիս 2023-ին, այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք: Այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ դպրեվանքի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ անոր կառոյցին եւ ջամբած հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութեան: Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շերնէզեան դիմաւորեց ապագայ լրագրողները, որոնց ներկայացուց դպրեվանքի առաքելութիւնը, դպրեվանեցիներու առօրեան, կրթական ծրագիրը,...




















