Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչում` Պուրճ Համուտի Մէջ Գտնուող Խաչքարին Առջեւ

Ապրիլ 26, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 24 ապրիլի երեկոյեան, Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին, Պուրճ Համուտի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հաստատուած խաչքարին դիմաց տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ եւ աւանդական ծաղկեպսակի զետեղում:

Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեք յարանուանութիւններու, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, ՀՄԸՄ-ի, ԼՕԽ-ի, շրջանի թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, ներկայ ու նախկին երեսփոխաններ եւ նախարարներ, ինչպէս նաեւ խաչքարի բարերար Սարգիս Պուտաքեան:

«Սարդարապատ» ակումբէն` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ` դէպի խաչքար, մասնակցութեամբ շրջանի ՀՅԴ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան եւ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին:

Ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին առջեւ, ապա Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը կատարեց Նարէ Գալեմքէրեան, որ նշեց, թէ աւանդութիւն դարձած է ամէն տարի հաւաքուիլ այս խաչքարին առջեւ, որ մնայուն ներշնչարան կը հանդիսանայ ազգային արժէքներու պահպանման եւ սփիւռքի սիրտի` Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծին: Ան ընդգծեց, որ ապրիլ 24-ի առիթով կը նորոգենք մեր ուխտը` շարունակելու համար մեր պայքարը, աւելի մեծ հաւատքով եւ վճռականութեամբ: Ն. Գալեմքէրեան աւելցուց, որ պայքարը ամուր կերպով շարունակելու համար, այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է հաւատարիմ մնալ մեր նախնիներու ժառանգութեան, հայկական ինքնութեան, լեզուին եւ մշակոյթին, եւ գոյատեւել ու ստեղծագործել իբրեւ հայ: Ան անդրադառնալով, որ այսօր Արցախի մէջ գոյութենական պայքար կը մղուի, ըսաւ, թէ պէտք է պայքարինք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հայաթափման քաղաքականութեան դէմ` Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեամբ, նոր կորովով ու թափով:

Ապա Գէորգ Քատեհճեան ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Մենք»-ը:

Խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ դիտել տուաւ, թէ 1915-1923 ժամանակաշրջանին հայութիւնը մեծ կորուստներ ունեցաւ, բայց եւ այնպէս վճռեց ապրիլ, գոյատեւել, յաջողութեամբ չպսակել թուրքերու դիւային ծրագիրը` բնաջնջել հայութիւնը: Ան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեամբ հայութիւնը շատ  ծանր հարուած ստացաւ ամէն իմաստով, սակայն անդրադարձաւ, թէ, հակառակ ամէն ինչի, անհրաժեշտ է պայքարիլ, իսկ ասոր ամէնէն վառ օրինակը այն է, որ սկիզբի սուգի եւ ողբի տարիներուն յաջորդեցին պահանջատիրական էջերը:

«Հոս հաւաքուածներս մաս կը կազմենք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին` իր շարքերով, իր մարմիններով, իր համակիրներով եւ իր ժողովուրդով, եւ այս զանգուածը ի խորոց սրտի երդուած է ամէն գնով ըլլալ պատնէշի վրայ, որպէսզի Թուրքիան չհասնի իր վախճանական նպատակին», ըսաւ Տէր Խաչատուրեան` աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը կազմակերպեց սփիւռքը, կերտեց Հայաստանի անկախութիւնը, գիտակցեցաւ, որ թուրքը պէտք է իր պատիժը ստանայ, ուստի ձեռնարկեց «Նեմեսիս» գործողութեան:

Ապա ան անդրադարձաւ գաղթականի հոգեբանութեամբ ապրած վերապրողներուն դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն` դիտել տալով, որ ժամանակի թաւալումով գաղութները իրենք զիրենք ամրապնդեցին, իսկ հոն բնակող հայերը դարձան տուեալ երկիրներու լիիրաւ քաղաքացիներ, բայց նաեւ երդուելով, որ երբեք չենք մոռնար  Ցեղասպանութիւնը եւ ընդմիշտ կը մնանք պահանջատէր, որուն համար ալ տարուեցաւ ծրագրուած եւ կազմակերպուած աշխատանք: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ այլուր հայութեան արձանագրած նուաճումները, որոնք համահայկական ցնծութեան առիթ հանդիսացան` նշելով, սակայն, որ 2020 թուականին այդ խանդավառութիւնն ու համահայկական ոգեւորութիւնը ընդհատուեցան, որովհետեւ յաղթանակած ժողովուրդի հանգամանքէն ստացանք մեծագոյն հարուածը` արցախեան երկրորդ ճակատամարտի պարտութեամբ եւ մեր կրած կորուստներով:  Ան նշեց, որ ասիկա յուսահատութիւն պատճառեց բնականաբար, բայց դաշնակցական ընտանիքին համար յուսալքումը անընդունելի է, որովհետեւ կուսակցութիւնը վճռակամ է եւ գիտակից, թէ ինչ որ կորսուեցաւ ճակատամարտին, անպայման պիտի վերադարձուի պատերազմի վախճանական փուլին:

«Արցախը վերականգնելու ենք, Արցախը վերագտնելու է իր կենսունակութիւնը, իր զարգացման կարելիութիւնը` իբրեւ հանրապետութիւն, որպէսզի վերջ ի վերջոյ միանայ հայրենիքին: Հայաստանը սակարկութեան առարկայ չէ, ի՛նչ զիջումի ալ դիմեն ներկայ իշխանութիւնները», հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ան դիտել տուաւ, որ այսօր  Հայաստան նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնած է` թրքական-ազրպէյճանական նկրտումներուն պատճառով, իսկ Հայաստանի պարտուած, հայկականութենէ պարպուած իշխանութիւնը պատրաստ է ամէն տեսակ զիջումի` աւելցնելով, որ Դաշնակցութիւնը զգուշացուցած է, որ այդ ընդհանուր գործընթացին մէջ ոչ մէկ ձեւով արտօնելի է, որ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պիտակին տակ մենք զոհենք մեր Արցախի քոյրերն ու եղբայրները, որոնք հազարամեակներով ապրած են այդ հողին վրայ, պահած են իրենք ինքնավարութիւնն ու իրաւունքները: Ան շեշտեց, որ որեւէ նահանջ Արցախէն, կը նշանակէ խնդրոյ առարկայ դարձնել ամբողջական Հայաստանի տեսլականը:  Հայաստանի պարագային ան հիմնական նկատեց բանակի հզօրացումը, որովհետեւ դուրսէն ոչ մէկ երաշխիք կը տրուի, եթէ ժողովուրդը ինք չի գիտեր մարտնչիլ եւ պաշտպանել իր իսկ իրաւունքները:

Իր խօսքի աւարտին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ հայութիւնը պէտք է բռունցք դառնայ, միասնական ըլլայ, որպէսզի գոյատեւէ, զարգանայ եւ ձեռք բերէ իր իրաւունքները` հաստատելով, որ այդ միասնականութիւնը պէտք է ըլլայ արժանապատիւ ձեւով, առանց պարտուողական զիջումներու:

Ձեռնարկը փակուեցաւ պահպանիչով եւ  «Սարդարապատ» յաղթերգով:

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբացեալ Նահատակներուն Նուիրուած Ս. Պատարագի Մատուցում Եւ Բարեխօսական Կարգ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?