Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբացեալ Նահատակներուն Նուիրուած Ս. Պատարագի Մատուցում Եւ Բարեխօսական Կարգ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

April 26, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով, երկուշաբթի, 24 ապրիլ 2023-ի առաւօտուն Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` Ցեղասպանութեան զոհ սրբացեալ նահատակներու յիշատակին, ձեռամբ մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեանի:

Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցան` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն ու դեսպանատան անձնակազմը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամները, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, նախկին թէ ներկայ երեսփոխաններ ու նախարարներ, լիբանանահայ համայնքի բոլոր կազմակերպութիւններու, կառոյցներու, մարմիններու ու բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները:

Յաւարտ պատարագին հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ մայր տաճարին կից գտնուող Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռ, ուր վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ կատարուեցաւ սրբադասեալ նահատակներուն նուիրուած բարեխօսական կարգը, որմէ ետք մատրան առջեւ ՀՅԴ Բիւրոյին, քաղաքական կուսակցութիւններուն, տարբեր կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւնը:

Ապա սկաուտական կազմերը եւ անոնց պատկանող շեփորախումբերը (ՀՄԸՄ, ՀՄՄ եւ ՀԵԸ) վեհարանին դիմաց կանգնած` իրենց որդիական երախտագիտութիւնն ու զօրակցութիւնը արտայայտեցին կաթողիկոսին, որ վեհարանի պատշգամէն ողջունելով մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած մեծ թիւով սկաուտներն ու անոնց պատասխանատու մարմինները` յայտնեց, որ անոնք գործող, ծառայող ու մասնակցող ներկայութիւն են մեր հաւաքական կեանքին մէջ. «Եւ ահաւասիկ ձեր ներկայութիւնը այստեղ ինքնին պերճախօս վկայութիւն է, որ Լիբանանի հայութիւնը, հակառակ իր տնտեսական ու ընկերային բազմապիսի ու այլազան դժուարութիւններուն, ո՛չ միայն պահեց իր ամբողջականութիւնը, այլեւ` իր հաւաքական ու համայնքային կեանքը, կազմակերպուածութիւնը ու աշխուժութիւնը: Այսօր, Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով, դուք եկած էք ո՛չ թէ միայն ձեր յարգանքը մատուցելու մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, այլ` ձեր եւ մեր բոլորին պահանջատիրական յանձնառու պայքարը վերանորոգելու: Մենք պայքարի՛ ժողովուրդ ենք, մենք պահանջատէ՛ր ժողովուրդ ենք եւ կապուած ենք ու պիտի մնանք կապուած մեր ազգի ընդհանրական արժէքներուն եւ իրաւունքներուն», ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:

Իր խօսքի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս իր հայրական ու հայրապետական օրհնութիւնը տուաւ սկաուտներուն ու պատասխանատու մարմիններուն եւ բարի երթ ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց ազգանուէր ծառայութեան մէջ:

Նախորդը

Հսկումի Երեկոյ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշակոթողին Շուրջ

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչում` Պուրճ Համուտի Մէջ Գտնուող Խաչքարին Առջեւ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.