Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, կիրակի, 23 ապրիլ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Հետուիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչման հսկում:
Բացման խօսքը արտասանեց Լոռի Գաբրիէլեան, որ ըսաւ, թէ 24 ապրիլ 1915 թուականը հայ ժողովուրդի զաւակներուն սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ ակամայ փորագրուած անմոռանալի եւ անդարմանելի թուական մըն է, երբ հայ ժողովուրդը չարաչար տանջուեցաւ, տեղահան եղաւ, ջարդուեցաւ, աքսորուեցաւ… բայց երբեք չխոնարհեցաւ վայրագ ու ցեղասպան թուրքին կատարած անարգ ու դառն ոճիրներուն դիմաց: Ան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ եւ պիտի ապրի, այնքան ատեն որ կը շնչէ տակաւին, պիտի շարունակէ իր Դատին հետապնդումը` շնորհիւ սերունդէ սերունդ փոխանցուած հայկական ոգիին, դաշնակցականի վեհ գաղափարի գիտակցութեան, մշակոյթին ու լեզուն վառ պահելու անվերջ պայքարին:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին անունով ան կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդին` ուժերը համախմբելու եւ օգնութեան հասնելու արդէն աւելի քան 100 օրերէ շրջափակման ենթարկուած Արցախին, պայքարելու Հայաստանի ներկայի իշխանութիւններու քաղաքականութեան դէմ` զօրակցելով սփիւռքի հայկական կառոյցներուն, որոնք տեսած են Ցեղասպանութիւնը եւ իրենց կեանքին գնով պաշտպանած են ու պիտի պաշտպանեն Հայ դատը, մինչեւ որ հասնին իրենց մէկ ու միակ նպատակին` Թուրքիոյ գերիշխանութենէն ազատել մեր գրաւեալ եւ թալանուած պապենական հողերը:
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղը, ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութիւնը եւ գիւղի երկու վարժարաններու աշակերտութիւնը, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն` «Յարատեւ պայքար» խորագիրով:
Օրուան պատգամը յղեց Դաւիթ Գազանճեան, որ նշեց, թէ պատմութիւնը կը կրկնուի: «Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմութեան սեւ էջերուն մէջ արձանագրուած է բազմաթիւ վկայութիւններով եւ փաստաթուղթերով: Դժբախտաբար ցեղասպան թուրքը կը շարունակէ դրժել պատմական այս իրողութիւնը: Մեծ պետութիւնները մեկնելով իրենց տնտեսական շահերէն` մէկդի կը դնեն մարդկային սկզբունքները, կը քարոզեն ցեղասպանին պարտադրած տեսակէտները: Բայց փաստը կը մնայ փաստ, եւ իրողութիւնը` իրողութիւն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ սփիւռքը լաւագոյն փաստն է, որ 108 տարիներ առաջ հայութիւնը քշուեցաւ իր պապենական հողերէն ու ցիրուցան եղաւ աշխարհով մէկ, կազմեց սփիւռք, որ իր ուսերուն վերցուց Հայ դատի հետապնդումը եւ նեցուկ կանգնեցաւ ու պահպանեց հայոց պետականութիւնը, անոր դրօշը եւ զինանշանը:
Պատմութիւնը կը կրկնուի: Կը կրկնուի Ցեղասպանութիւնը իր բոլոր ծալքերով` պատմական, մշակութային թէ մարդկային: «Այսօր, երբ աւելի քան 100 օրէ ի վեր 120.000 արցախցիներ կը մնան ամբողջական շրջափակման մէջ, այո՛ Ցեղասպանութիւնը կը կրկնուի: Երբ քանի մը տարի առաջ քաղաքակիրթ աշխարհին աչքին առջեւ հազարաւոր անմեղ երիտասարդներ սպաննուեցան, այո՛, Ցեղասպանութիւնը կրկնուեցաւ, երբ հազարաւոր մարդիկ տեղահան եղան իրենց պապենական հողերէն, այո՛, Ցեղասպանութիւնը կրկնուեցաւ, 1915-ի նման, երբ այս բոլոր իրադարձութիւններու դիմաց մեծ պետութիւնները մնացին լուռ , այո՛, պատմութիւնը կրկնուեցաւ: Եւ դարձեալ ու կրկին հասկցանք, որ օտարէն օգուտ չկայ, եւ մեր միակ փրկութիւնը մեր հաւաքական ուժին մէջ է, ու դարձեալ յիշեցինք Խրիմեան Հայրիկը եւ համոզուեցանք, որ թուղթէ շերեփով հերիսայ չենք կրնար ուտել. մեզի պէտք են երկաթեայ շերեփներ», դիտել տուաւ Դ. Գազանճեան:
Ան դիտել տուաւ որ պատմութեան ընթացքը ի շահ հայ ժողովուրդին շրջելու համար այսօր մենք կանգնած ենք ընտրանքներու առջեւ, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտաւոր է ընտրել: «Առաջին հերթին պէտք է ընտրենք, թէ մենք ցեղասպանուած ժողովո՞ւրդ ենք, թէ՞ վերապրած: Դիւրին է ըսել ցեղասպանուած ենք եւ վերջակետ մը դնել մեր կեանքին , պատռել բոլոր հին արժէքները եւ ձուլուիլ, լուծուիլ, օտարանալ: Սակայն դժուար է ըլլալ վերապրողներ, պահել մեր հին արժէքները եւ զարգացնել ու տարածել զանոնք աշխարհով մէկ: Երկրորդ` պէտք է ընտրել` սգա՞լ, թէ՞ պայքարիլ: Դարձեալ հեշտ է սգացողի զգեստը հագուիլ ու անընդհատ ողբալ ու լալ կորսուածին համար` առանց այլընտրանքներ որոնելու:
Սակայն դժուար է ըլլալ պայքարող, պայքարիլ ողջ կարողականութեամբ` պահելով մարդկային հիմնական արժէքները եւ ամէնէն կարեւորը` հայկական արժէքները: Պայքարիլ յանուն մէկուկէս միլիոն նահատակներու թափած արեան, պայքարիլ յանուն ազգին ու հայրենիքին եւ վերջապէս պէտք է ընտրել` յանձնուի՞լ, թէ՞ վրէժ լուծել: Յանձնուիլ` կը նշանակէ ընդունիլ ներկան այնպէս, ինչպէս որ է եւ չմտածել անցեալի մասին, իսկ վրէժ լուծել` այսինքն գիտնալ անցեալը, գտնել մեղաւորները եւ յանուն զոհուածներու համապատասխան քայլերու դիմել», ըսաւ բանախօսը` դիտել տալով, որ վրէժխնդրութիւնը պէտք չէ սահմանափակել միայն «Նեմեսիս» գործողութիւններու շարունակականութեամբ, այլ կարելի է վրէժ լուծել կազմելով հայ ընտանիք, սիրելով հայ մշակոյթը, վառ պահելով հայկական երգն ու պարը, նեցուկ կանգնելով հայկական դպրոցին, տէր կանգնելով Հայ եկեղեցւոյ, աղօթելով, եւ խօսելով հայերէնով: Մէկ խօսքով` հպարտ ըլլալ մեր հայկականութեամբ ու սիրել այն, ինչ որ հայկական է:
Յիշելով ներկայ իշխանութիւններու ներկայացուցիչները` Դ. Գազանճեան շարունակեց. «Անոնք իրենց ապազգային քաղաքականութեամբ, պարտուողական մօտեցումով եւ յանձնուողական մտածելակերպով երկիրը կը տանին կործանման: Կը հարուածեն աւանդական կուսակցութիւնները, գլխաւորաբար Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը որ դարէ մը ի վեր ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ պաշտպանելու Հայ դատը եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքները, կուսակցութիւն մը որ բարձր պահած է եռագոյն դրօշը: Կ՛արժեզրկեն ու կը թերագնահատեն Հայ եկեղեցւոյ դերը մեր իրականութեան մէջ: Իսկ մենք պահանջատէր հայորդիներ դէմ պիտի դնենք թէ ներքին եւ թէ արտաքին թշնամիներուն: Պիտի մնանք պատնէշի վրայ վերապրողի անխորտակ կամքով, պայքարի բարձր ոգիով եւ վրէժխնդրութեան կազմակերպուած աշխատանքով»:
Իր խօսքի վերջին բաժինով ան յայտնեց, որ երիտասարդութիւնը պիտի կրկնէ պատմութիւնը` ընտրելով ըլլալ արդար ժառանգորդները Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երիտասարդ հիմնադիրներուն` Քրիստափոր Միքայէլեանին, Ռոստոմին եւ Սիմոն Զաւարեանին, եւ շարունակելու անոնց բացած ուղին, յեղափոխութիւն` ընդդէմ ամէն տեսակ ապազգային քաղաքականութեան, հասնելու համար մեր գերագոյն նպատակին` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտման:
Ապա տեսերիզով Համբիկ Սասունեանը փոխանցեց իր սրտի խօսքը ԼԵՄ-ականներուն` կոչ ուղղելով շարունակելու իրենց պայքարը եւ տէր կանգնելու Դաշնակցութեան գաղափարին:
Աւարտին Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան արտասանեց իր սրտի խօսքը` կոչ ուղղելով պայքարելու ի շահ մեր ազգին, մեր նահատակներուն, ի շահ մեր սուրբ հողին` Արցախին, շեշտելով, որ մեր պայքարը մեր լեզուն պահպանելն է, մեր մշակոյթին տէր կանգնիլն է, հայ դիմագիծը վառ պահելն է: «Պէտք է հպարտանալ մեր գմբէթով, մեր երիտասարդներով ,հայ աշակերտներով… հպարտանալ մեր հայ ըլլալով», շեշտեց ան:
Հանդիսութեան աւարտին ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, ժողովուրդը հոծ բազմութեամբ մասնակցեցաւ ջահերթի` դէպի Ս. Պօղոս եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ծաղկեպսակի զետեղում` առ ի յարգանք Մեծ եղեռնի նահատակներուն:


