Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները ուրբաթ, 28 ապրիլ 2023-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ ունեցան իրենց շաբաթական ընթացիկ հանդիպումը:
Հանդիպումը եղաւ առիթ մը նոյն օրուան «Ազդակ»-ի թիւով լոյս տեսած իրենց յօդուածները, գրութիւնները եւ առաջին աշխատանքները քննարկելու:
Ապագայ լրագրողները գոհունակութեան մթնոլորտի մը մէջ առարկայական կերպով քննարկեցին իրենց գրութիւնները, արտայայտեցին իրենց մտածումները` իրենց կատարած աշխատանքին մասին, ինչպէս նաեւ ծանօթացան այն հոլովոյթին, որմէ իրենց գրութիւնը անցած է` թուղթին յանձնուելէն մինչեւ հրատարակուիլը: