Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Կազմակերպութեամբ` Լիբանանեան 12 Կուսակցութիւններու Երիտասարդներ Եւ Ուսանողներ Ներկայ Գտնուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Հանդիպումի Մը

Մայիս 5, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ), շաբաթ, 29 ապրիլ 2023-ին Ժիպէյլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին հանդիպում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանեան 12 կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչները:

Հանդիպումին նպատակն էր ներկաներուն մօտէն ծանօթացնել Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէութեան ակումբի սրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին:

ԶՈՄ-ի խօսքը արաբերէնով արտասանեց Կարէն Պոյաճեան, որ նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութիւնը հասնելէ ետք Լիբանան չապրեցաւ գաղթականի նման, այլ իր աշխատասիրութեամբ եւ ճակտի քրտինքով մաս կազմեց Լիբանանի տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային բարգաւաճման` լիբանանեան շուկաներուն, արհեստներուն եւ արուեստին մէջ ունենալով իր կարեւոր կշիռը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ անոնց ցուցաբերած յատուկ ուշադրութեան համար, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց համախմբուելու` իբրեւ երիտասարդութիւն միասնաբար յաղթահարելու երիտասարդներուն դէմ ծառացող բոլոր դժուարութիւնները:

Ապա օրուան պատգամախօս, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան ներկաներուն համապարփակ տեղեկութիւններ տուաւ Ցեղասպանութեան մասին` անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան կանխամտածուած ըլլալու իրողութեան:

Ապա ներկաները առիթը ունեցան իրենց հարցումները եւ զօրակցական խօսքերը ուղղելու:

Հանդիպումին երկրորդ բաժինով ներկաները ՀՅԴ ակումբէն ուղղուեցան դէպի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, ուր անոնց տրուեցան անհրաժեշտ բոլոր տեղեկութիւնները թանգարանի ընդհանուր վարիչ Գրիգոր Ալոզեանի կողմէ:

Աւարտին ներկաները առիթը ունեցան իրենց տպաւորութիւնները արձանագրելու թանգարանի յուշամատեանին մէջ, ինչպէս նաեւ` ապրումները կիսուելու ԶՈՄ-ականներուն հետ:

Նախորդը

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներ. Վերանորոգման Եւ Վերալիցքաւորման Համագումար` Կիրակնօրեայի Ուսուցիչներուն Յատուկ

Յաջորդը

Վուլվզ Մտադիր Չէ Երկարաձգել Տիեկօ Քոսթայի Պայմանագրութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?