Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հսկումի Երեկոյ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշակոթողին Շուրջ

Ապրիլ 26, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. պատրիարքին, կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան, կիրակի, 23 ապրիլ 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ հսկումի երեկոյ` հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Նահատակաց յուշակոթողին շուրջ, Ժեհթաուի:

Նախքան յայտագրի պաշտօնական մեկնարկը` ցուցադրուեցաւ Հայաստանի պետական Հ1 կայանի` ուղարկած «Ինչո՞ւ է աղմկում անցեալը» փաստավաւերագրականը` նուիրուած Ցեղասպանութեան:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով, հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով,  հանդէս եկաւ Հայ կաթողիկէ համալսարանական միութենէն Ռոպէր Թորանեան, որ շեշտեց, թէ ապրիլին յարութեան շունչը կը թեւածէ, իսկ յարութիւն առնելը մարդկային հասկացողութենէն վեր, գերագոյն ուժի կարողութիւն եւ հրաշք ապրեցնող բան մըն է: Հայ ազգի գոյութեան եւ գոյատեւման հիմնաբառ մը, որ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ խարիսխ դրած է: Ան ըսաւ, որ նիւթապաշտ ու բռնակալ թուրքը ծրագրեց ջարդը` աշխարհի երեսէն վերացնելու համար արդարութիւնը, լռեցնելու համար իրաւունքի ձայնը, խեղդելու համար պահանջատիրական ցասումը: Սակայն անհաւատալի եւ անակնկալ էր անոր համար յարութեան գաղափարը, ան չէր ակնկալեր երբեք հայ ժողովուրդին վերականգնումն ու բազմացումը:

«108 տարիներ անցած են, այո՛, սակայն մեր Դատը անժամանցելի է, մինչեւ այն պահը, որ կը յիշենք մեր նահատակները, կ՛աղօթենք անոնց հոգիներուն, կը պահենք հայ ընտանիքները, կը պահպանենք մեր լեզուն, կը սորվինք մեր պատմութիւնը, կը ներկայացնենք մեր մշակոյթը եւ նախանձախնդիր կ՛ըլլանք մեր գոյութեան պահպանման», ըսաւ ան:

Ռոպէր Թորանեան դիտել տուաւ, որ այդ երեկոյ գեղարուեստական նման յայտագիրով մը կը վերյիշենք մեր պատմութեան սեւ էջերէն ամէնէն ցաւալին, որպէսզի վերանորոգենք մեր ուխտը, երդնունք կանգուն մնալ եւ մեր վիշտն ու ցաւը վերածենք յոյսի, հաւատքի, միասնական ուժի եւ սիրոյ:

Օրուան պատգամով հանդէս եկաւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Սահակ Քէշիշեան, որ իր ելոյթը մեկնարկելով Յովհաննէս առաքեալի «Այս է յաղթութիւնը, որ հաւատքով պիտի յաղթենք աշխարհին» վկայութեամբ, որ կը յորդորէ` հաւատքով յաղթահարել ամէն տեսակ չարիք, մատնանշեց, որ Քրիստոսի որդիներ ըլլալով` Իրմէ կը սորվինք, որ խաչի ճանապարհը մահով վերջ չի գտներ, այլ մեռելներէն յարութիւն առնելով` մահը մահով կը յաղթենք, իսկ մենք` յարուցեալ Քրիստոսի զաւակներս, երբեք առիթը չենք տար, որ մեզ մեր հաւատքէն հեռացնեն, որովհետեւ մեր հաւատքով մենք հաւատացինք յարութեան, եւ այդ հաւատքով է, որ աստուածային հրամանով մեր նահատակներն ու մենք միասնաբար յարութիւն պիտի առնենք:

Հայր Սահակ նշեց, որ մեր ժողովրդային երգերը մեր հոգիները կը վերակենդանացնեն, երբ միասնականութեան կոչ ուղղելով` «Հայեր միացէ՛ք» կ՛երգենք եւ կամ «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» կը կոչենք. «Այո՛, սիրելիներ,  մի գուցէ սխալ հասկցած ենք զէնքի գաղափարը, սակայն այժմէական ու անհրաժեշտ է, որ զինուինք ու պայքարիք մեր արդար Դատին համար, առիթ չտանք, որ պատմութիւնը կրկին անգամ կրկնուի: Արդ, մեր զէնքը մեր հաւատքն է, իսկ մեր պայքարը Քրիստոսի հիմնած խաղաղութիւնն է: Սիրոյ արտայայտութիւնը, նախ` մէկս միւսին հանդէպ, միասնականութեան ոգիով ու ամրակուռ հաւատքով»:

Ապա ան խօսեցաւ միասնականութեան մասին` շեշտելով, որ հայութեան միասնականութիւնը առկայ է, եւ մօտեցած է լուսաբացը, աշխարհը ճանչցաւ մեզ եւ տեսաւ մեր պահանջատիրութիւնը, այսօր այստեղէն կը միանանք մեր աշխարհի բոլոր հայորդիներուն հաւատքի պայքարը մղելու, սփիւռքէն մինչեւ Հայաստան, Ժեհթաուիէն մինչեւ Անթիլիաս, ձեռք-ձեռքի տալով` բարձր պահենք մեր հաւատքը, որովհետեւ կարելի չէ հայ մը տեսնել առանց Քրիստոսի:

«Մեր նախնիները, որոնք աղաւնիներու նման անմեղ արիւնով մորթուեցան, մենք ձեզ կը խոստանանք, որ մեր կարգն է այսուհետեւ խորագէտ ըլլանք օձերու նման, որպէսզի ապրինք արդարութեամբ ու կրկին վերականգնենք մեր ամբողջական հայրենիքը: Այստեղ կանգնած յուշակոթողը, որուն շուրջ ամէն տարի կը համախմբուինք ու կ’ոգեկոչենք մեր նահատակներու խնկելի յիշատակը, աշխարհի վրայ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած առաջին յուշակոթողն է, զոր կանգնել տուած է երանաշնորհ Աստուծոյ ծառայ, կարտինալ Աղաճանեանը 1939-ին, Ցեղասպանութեան

25-ամեակին առթիւ եւ այստեղ իր Կաթողիկոսական գահէն կը յորդորէ հայորդիները` պահելու մեր քրիստոնէական հաւատքը, հայկականութիւնն ու միասնականութեան ոգին` ըսելով. «Պի՛նդ պահէ, ո՜վ հայ ժողովուրդ, այս հաւատքը անդենական կեանքին, ապա թէ ոչ մեր նահատակներուն ամենադառն հարուածը դուն տուած պիտի ըլլաս… եթէ թոյլատրես, որ շիջի լոյսը քրիստոնէական հաւատքին, այն ատեն պիտի համարիս թէ՛ յաւիտենապէս եւ թէ՛ ամբողջովին, թշնամին զանոնք բնաջինջ ըրած է», եզրափակեց հայր Սահակ:

Արաբերէն լեզուով հանդէս եկաւ պատկերասփիւռային «Աթել ան ըլ հուրրիէ» յայտագիրի հաղորդավար Սեմիր Եուսեֆ, որ ներկայացուց իր սերտ կապը հայերուն հետ` մանկութենէն ի վեր, հարազատութեան զգացումները յայտնելով հայութեան եւ անոր արդար Դատին նկատմամբ:

Յայտագիրի ընթացքին օրուան խորհուրդին պատշաճ գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան` Ալին Շալվարճեան (ուտ) եւ Գէորգ Քէշիշեան (տուտուկ), Միրէյ Սաղպազարեան-Քիւթուքճեան (մեներգ), Լիւսի Մազմանեան (ասմունք` «Ուխտ Արարատին»), Էտի Տորլիան եւ Ռաուատ Ապի Զէյտ (նուագ):

Յայտագրի աւարտին պատրիարք հայրը ինքզինք ներկայացնելով իբրեւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբի մը որդի, որ չէ ճանչցած իր մեծ հայրերն ու մայրերը, հպարտութիւն յայտնեց նոր սերունդի հայասիրութեան եւ պահանջատիրութեան երթը շարունակելու կամքին համար:

Հոգեւոր տիրոջ «Պահպանիչ»-ով հսկումի յայտագիրը հասաւ իր աւարտին:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբացեալ Նահատակներուն Նուիրուած Ս. Պատարագի Մատուցում Եւ Բարեխօսական Կարգ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?