Պքերքէի Մէջ Հաւաքական Աղօթք Եւ Համերգ`
Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակին Առիթով
Հովանաւորութեամբ մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարք Պշարա Ռայիի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, մասնակցութեամբ հայ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներ` Կոմիտաս արք. Օհանեանի, Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ վեր. Նշան Պագալեանի, ներկայութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատայի, Հայաստանի դեսպանատան անձնակազմին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ներկայ եւ նախկին նախարարներու եւ երեսփոխաններու, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ քաղաքապետական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու, մարզական, բարեսիրական, մշակութային, կրթական, ուսանողական, երիտասարդական միութիւններու եւ կառոյցներու մեծ թիւով ներկայացուցիչներու եւ պատասխանատուներու, հոգեւորականներու, արուեստագէտներու, ինչպէս նաեւ հայ, արաբ եւ օտար հոծ բազմութեան, երեքշաբթի, 25 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, մարոնիներու Պքերքէի պատրիարքարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ հաւաքական աղօթք եւ համերգ` «Վերածնունդ» խորագիրով, կատարողութեամբ Շողիկ Թորոսեանի` սոփրանօ (Լիբանան), Սիփան Օլայի` թենոր (Անգլիա), Մարիա Փալազեանի` դաշնակ (Անգլիա), մասնակցութեամբ Համազգայինի քառեակին` Արմէն Ճէնտէրէճեան (ջութակ), Ալեքս Տօներեան (ջութակ), Աննա Քիւտորֆ (ալթ) եւ Անժել Յունանեան (թաւջութակ):
Արդարեւ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած Պքերքէի խաչքարին դիմաց տեղի ունեցաւ հաւաքական աղօթք` մասնակցութեամբ Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ հայ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներու: Երգեցողութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Արմաշ» երգչախումբը: Աղօթքի աւարտին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սէմ Սիմոնեան եւ Շրջանային վարչութեան անդամ դոկտ. Քրիստին Արզումանեան ծաղկեպսակ մը զետեղեցին խաչքարին դիմաց:
Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած համերգին բացման խօսքը արտասանեց դոկտ. Քրիստին Արզումանեան: Ան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի վերածնունդը` շեշտելով, որ հակառակ ժամանակի անցումին, այս սոսկալի դէպքին յիշատակը տակաւին թարմ է աշխարհասփիւռ հայութեան սրտերուն եւ մտքերուն մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ մենք չենք հաւաքուած միայն յիշելու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակները, այլ նաեւ` տօնելու ճկունութիւնը եւ ուժը, աւելցնելով, որ հակառակ աներեւակայելի սոսկումներուն, որոնց ենթարկուեցաւ հայ ժողովուրդը, ան մերժեց տկարանալ, կեցաւ ամուր եւ հաստատ թշուառութեան դէմ, մերժեց յանձնուիլ եւ ճիգ թափեց կառչած մնալու իր ինքնութեան, մշակոյթին եւ հաւատքին` յուսալով աւելի լաւ ապագայի մը, նոյնիսկ երբ ամէն դրական երեւոյթ անկարելի կը թուէր իրեն համար: Ասիկա կտակ է մարդկային ուժին ճկունութեան եւ ժողովուրդին կարողութեան, որ վեր բարձրանայ նոյնիսկ ամէնէն դժուար պարագաներուն վճռականութեամբ, գործով եւ հաւատքով:
Շարունակելով իր խօսքը` դոկտ. Արզումանեան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը առօրեայ պայքար է, եւ մենք պէտք է շարունակենք պայքարիլ ատելութեան, կեղծաւորութեան եւ անհանդուրժողութեան դէմ, ուր որ ալ ըլլան անոնք` աւելցնելով, որ Համազգայինի ոճը պայքարելու մէջ շուրջ մէկ դարէ ի վեր միշտ եղած է սէր, ուրախութիւն, միութիւն սփռել ժողովուրդի սրտերուն մէջ` երաժշտութեան եւ մշակոյթի ընդմէջէն:
Արզումանեան շնորհակալութիւն յայտնեց իւրաքանչիւր երկրի, որ ընդունեց եւ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սկսեալ մեր սիրելի Լիբանանէն, որ զայն ճանչցաւ 11 մայիս 2000-ին, յիշելով մարոնիթ եկեղեցւոյ եւ լիբանանահայութեան միջեւ յարաբերութիւնը, որ սկսած է 18-րդ դարուն` Հայոց ցեղասպանութենէն շատ առաջ:
«Հայկական խաչքարը, որ տեղադրուած է Պքերքէի մէջ 2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, նաեւ փաստ մըն է անոնց ունեցած պատմական կապին եւ եղբայրութեան», հաստատեց Արզումանեան` նկատել տալով, որ անոնք միասին ապրեցան մանաւանդ 1915-1918 օսմանեան տիրապետութեան ժամանակ, երբ Լեռնալիբանանը կորսնցուց իր բնակչութեան կէսը բռնութեան եւ սովամահութեան պատճառով:
Անդրադառնալով 6 մայիս 1916 թուականին` ան ըսաւ, որ այդ թուականը սեւ օր մը եղաւ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար, որոնք մահապատիժի ենթարկուեցան օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ, աւելցնելով, որ այդ օրը կը յիշատակենք իբրեւ Լիբանանի Նահատակաց օր` երախտագիտութեամբ յիշելով բոլոր անոնք, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին իրենց երկրին համար:
Արզումանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ մարոնի եկեղեցւոյ` իրենց հիւրընկալութեան համար, որպէսզի Համազգայինի կազմակերպութեամբ եւ երեք յարանուանութիւններու մասնակցութեամբ նշենք Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակը:
«Այսօր մենք կը պատուենք յիշատակը անոնց, որոնք կորսուեցան, առանց մոռնալու անցեալի դասերը եւ միասնաբար աշխատելով աւելի փայլուն ապագայ մը կերտելու համար, ապագայ մը, ուր բոլոր ժողովուրդները իրարու հետ պիտի վարուին յարգանքով եւ արժանապատուութեամբ: Անշուշտ ասիկա անկարելի պիտի ըլլար առանց վճռական ոգիին հայ եկեղեցւոյ, հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն, հայկական սփիւռքին, մշակութային, բարեսիրական, երիտասարդական միութիւններուն, կրթական հաստատութիւններուն, որոնք կը հետապնդեն հայկական հարցը: Այսօր օր մըն է վերաքննելու մեր հաւաքական ճիգերը, կրկնապատկելու մեր աշխատանքը արգիլելու նման ոճիրներ` ներկայի եւ ապագայի հաշուոյն», եզրափակեց դոկտ. Քրիստին Արզումանեան:
Յայտագիրի ընթացքին Շողիկ Թորոսեան մեկնաբանեց «Ամ պհլամաք եա հըլմ եա Լպնան», «Ժէօ Վէօ Վիվր», «Երեւան», «Իլ Պաչիօ» երգերը, Սիփան Օլա մեկնաբանեց «Անթիլ», «Օլ տը թինկզ եու ար», «Երգիր ինձ համար», «Փարլամի Տամորէ Մարիու» երգերը, իսկ Շողիկ Թորոսեան եւ Սիփան Օլա միասնաբար մեկնաբանեցին հետեւեալ զուգերգները` «Աւէ Մարիա», «Անուշ եւ Սարօ զուգերգ», «Հաբրբան», «Նոն թի Սքորտար տի մէ», «Հայրենիքիս հետ»: Մարիա Փալազեան եւ Համազգայինի քառեակը նուագեցին «Երեւան»-ը, իսկ Մարիա Փալազեան մեկնաբանեց «Թրի Փոսթլիւտզ»-ը: Բոլոր երգերուն դաշնակի վրայ ընկերակցեցաւ Մարիա Փալազեան, նաեւ Համազգայինի քառեակը` Արմէն Ճէնտէրէճեան (ջութակ), Ալեքս Տօներեան (ջութակ), Աննա Քիւտորֆ (ալթ), Անժել Յունանեան (թաւջութակ):
Համերգի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Պշարա Ռայի պատրիարքը: Ան ոգեկոչեց յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն, որոնք արեւու ճառագայթի պէս կը փայլին երկինքի արքայութեան մէջ: Ան ողջունեց հայ ժողովուրդը եւ գնահատական եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց համերգին մասնակցող արուեստագէտներուն, որոնց կատարումները բարձրացուցին մեզ դէպի վեր, երկինք: Ան հաստատեց, որ ցաւը եւ տառապանքը կը գեղեցկացնեն` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը գեղեցկացաւ ամէն բանի մէջ, որովհետեւ չարչարուեցաւ եւ տառապանքի ենթարկուեցաւ: Ան նկատել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը գեղեցկութիւն պարգեւեց իրենց քանի մը արարքներով. առաջինը` երբ Պքերքէի շրջափակին մէջ տեղադրեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած խաչքարը, որ պատիւ է իրենց համար եւ ամէն օր անոր նայելով կը յիշեն նահատակները, երկրորդ` համերգին հնչեցուցած գեղեցիկ ձայները եւ երաժշտութիւնը պիտի մնան Պքերքէի մէջ եւ միշտ պիտի յիշուին: Մարոնի պատրիարքը սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին, որ Պքերքէն մասնակից դարձուց այս գեղեցիկ համերգին: Ան հաստատեց, որ նահատակները զոհուեցան, որպէսզի մենք ապրինք` աւելցնելով, որ մենք 108-րդ անգամ ըլլալով կը յիշենք Հայոց ցեղասպանութեան նահատակները, որոնք յաւիտեան պիտի ապրին հայ ժողովուրդի հոգիին եւ մտքին մէջ սերունդէ սերունդ:
Ակնարկելով լիբանանահայութեան` պատրիարքը ըսաւ. «Ես կը վկայեմ Լիբանանի նկատմամբ հայ ժողովուրդի ունեցած սիրոյն եւ հաւատարմութեան, որ կը գերազանցէ շատ մը լիբանանցիներու ունեցած հաւատարմութեան, որովհետեւ դուք ապրեցաք հայրենիքի ցաւը, հայրենիքի կորուստը, հետեւաբար գիտէք հայրենիքի արժէքը: Դուք կը վախնաք Լիբանանի վրայ: Մենք կը ճանչնանք ձեզի, գիտենք ձեր զգացումները», հաստատեց պատրիարքը:
Եզրափակելով իր խօսքը` Պշարա Ռայի պատրիարքը ըսաւ. «Միայն գեղեցկութիւնը կը փրկէ մարդկութիւնը: Ինչպէս որ գեղեցիկ երաժշտութիւն կայ, նոյնպէս մենք կարիքը ունինք գեղեցիկ քաղաքականութեան, գեղեցիկ առեւտրականութեան, գեղեցիկ մարդկութեան: Կ՛աղօթենք Աստուծոյ, որ մեզի մասնակից դարձնէ իր գեղեցկութեամբ: Չկայ փրկութիւն Լիբանանի մէջ, եթէ մենք չբռնենք գեղեցկութեան ճամբան, կրթութեան ճամբան»:
Համերգը եզրափակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով` կատարողութեամբ Շողիկ Թորոսեանի եւ Սիփան Օլայի:
Յայտնենք, որ Թորոսեան եւ Օլա նոյն ազդուութեամբ, նոյն գեղեցկութեամբ եւ վարպետութեամբ կրցան պահել երաժշտական բարձր մակարդակ` գեղարուեստական վայելքի պահեր նուիրելով հանդիսատեսներուն: Անոնց կատարողութիւնը հմայեց մշակութասէր բոլոր ներկաները, որոնք բարձր գնահատեցին անոնց ոգեւորիչ մեկնաբանութիւնը եւ երկարատեւ ծափահարութիւններով յայտնեցին իրենց գոհունակութիւնն ու գնահատանքը: