Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը (ՄԱՀԱԵՄ) ոգեկոչեց ապրիլեան նահատակներու 108-ամեակը առաւօտեան պաշտամունքով, երկուշաբթի, 24 ապրիլ 2023-ին, Նոր Ամանոսի Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ:
Ժողովուրդին միացաւ պատուիրակութիւն մը` Զուիցերիայէն, ներկայացնելով Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիները եւ ՀԵՔՍ բարեսիրական կազմակերպութիւնը:
Վեր. Ժիրայր Ղազարեան մատնանշելով օրուան ցաւագին իրականութիւնը` կարդաց սաղմոս 88-ը` իբրեւ հաւաքական ողբի արտայայտութիւն, եւ հրաւիրեց ներկաները, որ իրենց սրտերը Աստուծոյ առջեւ բանան, եւ ապա բացման աղօթք մատուցեց:
Մաս կազմեցին ՄԱՀԱԵՄ-ի աստուածաբանականի աշակերտներ Ճորճ Սահիլի (սաղմոս 32) եւ Ալին Թահազեան (Հռովմ. 5.3-11):
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը իր երգչախումբով պաշտամունքը հարստացուց Ստ. Լուսիկեանի «Ազատ Հայաստան»-ը երգելով` խմբավարութեամբ Շողիկ Թորոսեանի եւ նուագակցութեամբ Համեստ Պոյաճեանի:
Իր կարգին, Րաֆֆի Չիլինկիրեան պաշտամունքի ընթացքին դուդուկով խորհրդաւոր մթնոլորտ ստեղծեց «Սուրբ, սուրբ» եւ «Տէ՛ր, ողորմեա՛» նուագով:
Վեր. Հրայր Չոլագեան օրուան պատգամը յղեց «Երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն» խորագրով: Աստուածաշունչի հատուածը (Բ. Կորն. 5.12-21) կարդալէն ետք նկատեց, թէ պատերազմով լի աշխարհի մը մէջ կ՛ապրինք, ուր հայութիւնը յատկապէս կը յիշէ ոչ միայն 108 տարի առաջուան ոճիրը, այլ նաեւ` այսօրուան արցախեան անարդար շրջափակումը: Թէպէտ մարդկութեան փափաքն է խաղաղութիւն վայելել, սակայն Տէր Յիսուսի խօսքին համեմատ (Մատթ. 5.9), Աստուծոյ զաւակները խաղաղութիւն ընող պէտք է ըլլան, եւ ոչ թէ` խաղաղ վայրեր փնտռող: Ան թուեց այն անձերը, որոնք ապահով եւ խաղաղ վայրեր թողուցին, որպէսզի հայ ազգին տառապանքը ամոքեն, որոնց հիմնած հաստատութիւններն ալ մեր շուրջն են Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ իբրեւ վկայութիւն Աստուծոյ «հրեշտակները» ըլլալնուն այդ սեւ օրերուն:
Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիներու նախագահ վեր. Ռիթա Ֆամոս զօրակցութեան խօսք արտասանեց` գնահատելով հայութեան ապրելու կամքը ու նաեւ յիշելով հայ-զուիցերական երկարամեայ բարեկամութիւնը եւ գործակցութիւնը. ան յորդորեց ներկաներոը, որ իբրեւ հայ եկեղեցի եւ ժողովուրդ` շարունակեն արդարութեան համար պայքարիլ:
Պաշտամունքի ընթացքին ժողովուրդը փոխասացաբար կարդաց «Հաւատքի յաղթութիւնը» (Եբր. 11 եւ Հռովմ.), նաեւ երգեցին փառաբանութեան եւ վստահութեան երգեր` մայեսթրօ Կարօ Աւեսեանի դաշնամուրի նուագակցութեամբ:
Վեր. Նշան Պագալեան մատուցեց օրուան պատշաճող աղօթք: «Հայր մեր»-ի երգեցողութեամբ եւ առաքելական օրհնութեամբ պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ:
Պաշտամունքէն ետք փոքր խումբ մը եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած ծաղկեկողովը անկլօ-ամերիկեան գերեզմանատունը փոխադրեց: Հոն, Էլիզապէթ ու Մէյրի Ուեպ քոյրերու շիրիմին վրայ դրին` իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն հայ ազգը վերականգելու իրենց եւ շատ մը նմաններու նուիրական եւ աստուածահաճոյ աշխատանքին համար:


