Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քայլարշաւ Հայաշէնէն Ժեհթաուի` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

April 27, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէներուն, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին եւ շրջանի ԼՕԽ-ի միաւորներուն, ապրիլ 24-ի առաւօտեան ժամը 8:30-ին պէյրութաբնակ հայերը համախմբուած էին Հայաշէնի ժողովրդային տան առջեւ, ուրկէ ընթացք առաւ քայլարշաւ մը դէպի Ժեհթաուի` հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան:

Քայլարշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին` ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ հայորդիներ: Քայլարշաւը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտներուն առաջնորդութեամբ:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի յուշարձանին վրայ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Դաշնակցութեան, ԼՕԽ-ին եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն կողմէ:

Հայ կաթողիկէ համայնքին կողմէ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան իր խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները, յատկապէս` նոր սերունդի ներկայացուցիչները, որոնց աչքերուն մէջ տակաւին կայ պահանջատէրի կայծը: Ան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 25-ամեակին առիթով պատրիարքարանի շրջափակին մէջ կանգնեցուած յուշակոթողին, որ իր մէջ խորհուրդ կը պարունակէ, եւ որուն շուրջ համախմբուելով` լիբանանահայութիւնը կը հաստատէ, որ տարիները կրնան անցնիլ, սակայն իր Դատին եւ նահատակներուն կտակին հայուն կառչածութիւնը կը մնայ ամուր, դէպի փայլուն ապագայ անոր կորովը կը մնայ անսասան:

Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան շեշտեց, որ ծածանող եռագոյնը բարձր մնալու համար կարիք ունի բոլորիս զոհողութեան, աշխատանքին, վճռականութեան, որպէսզի անիկա միշտ հպարտութեամբ փողփողէ:

Նշենք, որ նոյն օրը  առաւօտեան ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը  ծաղկեպսակ զետեղեց Ֆըրն Շպպեքի գերեզմանատան մէջ գտնուող ապրիլեան յուշակոթողին առջեւ:

Նախորդը

ՄԱՀԱԵՄ-ը Ոգեկոչեց Ապրիլեան Նահատակներու 108-Ամեակը

Յաջորդը

Մեր Պայքարը Իրաւունքի Եւ Արդարութեան Պայքար Է (Վիգէն Աւագեանի Արտասանած Խօսքը` Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչման Միացեալ Հանդիսութեան, Անթիլիասի Մայրավանք)

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.